ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԵՄ-Ի ԴԻՏՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը արդէն պաշտօնապէս սկսած է ներկայ շաբթուան դրութեամբ։ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը արդէն Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղակայուած է եւ Հայաստան հասած առաջին օրն իսկ՝ երկուշաբթի, իրականացուցած է իր առաջին դիտարկումը։

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարը՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ քաղաքս։ Ան պիտի մասնակցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային տարեկան խորհրդակցութեան, որ այս անգամ դարձեալ Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Հաթայի մէջ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժ պատահեցաւ։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Տեֆնէ գաւառակին մէջ, որ Սամանտաղի շրջանին մէջ է։ Երեք վայրկեան տարբերութիւնով քաղաքը ցնցուեցաւ երկու անգամ՝ ըստ ռիխթերեան չափանիշի 6.4 եւ 5.8 սաստկութեամբ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որ Թուրքիա այցելեց՝ բնական աղէտով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ զօրակցութիւն յայտնելու համար։
Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստան ուղարկուած դիտորդներուն Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ առաքելութիւնը երէկուան դրութեամբ սկսաւ՝ երկու տարուան ժամկէտով:
Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս շաբաթավերջին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:
Միւնիխի 59-րդ անվտանգութեան համաժողովի շրջանակէն ներս անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ այս տարի 59-րդ անգամ կազմակերպուած է, այսօր կը մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է պահու հրատապ առաջնահերթութեան վրայ՝ օգնութիւն փութացնելու համար աղէտեալներուն: