ԱՌԱՆՑ ՓԱԿԱԳԻԾԵՐՈՒ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապի խորացումը զգայուն հարց մըն է Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն տեսակէտէ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ռուսաստան Հայաստանի առանցքային գործընկերն է, բայց, դժբախտաբար, մեր մօտ անվտանգային իրավիճակը այդքան ալ լաւ չէ»:
Երեւանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Եոէլ Լիոն արձագանգեց Երուսաղէմի մէջ Հայոց Պատրիարքարանին եւ Հին Քաղաքի բնակիչ կարգ մը հայերուն դէմ գործուած յարձակումներուն։ Ծանօթ է, որ այս դէպքերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին ամբողջ հայաշխարհէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը։
Գանատայի «The Hill Times» թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրատարակեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ այդ պաշարման հետեւանքով այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Այս ամբողջին մէջ տեղ տրուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւններուն։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ Կովկասի բանակցային հարցերով աւագ խորհրդական նշանակեց Լուիզ Պոնոն։
Սարըքամըշի «Ձմեռ-2023» զօրավարժութիւններուն 17 երկիրներէ զինուորներ մասնակցեցան՝ խստաշունչ ձմրան պայմաններով:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, որ Հայաստան ապագային կը ներգրաւուի «Անդրկովկաս» նախագծին։
-Հասցնենք նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւներու հաւանական կարգաւորման անդրադառնալ ձեզի հետ՝ որպէս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ։ Արդէն կը գործե՞ն ուղիղ բեռնափոխադրումները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։
Ռուբէն Ռուբինեանի ծաւալուն հարցազրոյցը. «Երեւանի վրայ ընդհանրապէս կան ճնշումներ եւ Լաչինի միջանցքին փակումը այդ համատեսքին մաս կազմէ»:
«Միջազգային ճգնաժամային խումբ» (International Crisis Group) վերլուծական կեդրոնը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային տագնապները, վերջերս անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմի կանխումը» խորագրեալ զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այս երկու երկիրներուն միջեւ նոր պատերազմի մը ծագման սպառնալիքը չափազանց իրական է։
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ մտահոգիչ թափով: