Լրահոս

ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ համանուն մրցանակի ընտրող յանձնաժողովին միացած է «Քլինթըն» հիմնադրամի փոխ-նախագահ տքթ. Չելսի Քլինթըն, որ հանրային առողջութեան յայտնի փորձագէտ մըն է։

ՄԱՀ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ

Հայ իրականութիւնը կը սգայ զուիցերահայ ազգային բարերար Տիգրան Իզմիրլեանի կորուստը։ Ան իր սերունդի տիրական ու խորհրդանշական դէմքերէն մին էր, գործարար կեանքէ ներս արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ, որոնց արդիւնքէն լայն բաժին դուրս բերած էր հայութեան համար։

ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր պետական այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, թէ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցեր։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՄՐՈՑ

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն:
Մուսա լերան գողտրիկ սրբավայրը օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ երկրաշարժի պատճառած վնասներէն վերջ:

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Թուրքիա հարաւային սահմաններուն երկայնքով անվտանգութիւնը ամբողջապէս երաշխաւորելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տանի՝ մասնաւորապէս համագործակցութիւնը խտացնելով Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ։

ԱՊՊԱՍ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Անգարայի ղեկավարութիւնը այս օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Թուրքիա, որ Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր շատ վճռական դիրքորոշում որդեգրած է, այս փուլին եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինին։

ԵՐԲ ԱՄԷՆ ԻՆՉ «ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ» Է…

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Քանի որ Ողիմպիական խաղերու բացման հետ կապուած աղմուկը շատ էր, որոշեցի ուշացումով նայիլ «խնդրայարոյց» դրուագին:
Մեծ յարգանք ունիմ այդ ներկայացման մէջ վիրաւորանք նկատած քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն հանդէպ, բայց կապոյտ Տիոնիսի կերպարին եւ անոր նուիրուած տօնակատարութեան մէջ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքի» ակնարկ չտեսայ ես:

Էջեր