ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՓԱՐԻԶ ԱՅՑԸ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։
Գերմանական նշանաւոր «Bild»ը հաղորդեց, որ Հայաստան կ՚օգնէ Ռուսաստանի «Ալռոսա» ընկերութեան Արեւմուտքի պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, գերմանական աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսպէսով ռուսական ադամանդները կ՚արտածուին դէպի արեւմտեան շուկայ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Որո՞նք են Հայաստանի իրականութեան հիմնական պատումները։ Նախկին ռուսաստանցի, իսկ այժմ իսրայէլացի ընկերաբան Վիքթոր Վախշատայնը վերջին դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը պատասխանէ այն հարցին, թէ պատումները (աշխարհայեացքով «լիցքաւորուած») ե՞րբ կը դառնան քիչ թէ շատ կայուն ու ազդեցիկ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի գտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։
Նախագահ Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին համար դէպի Չինաստան կատարած ուղեւորութենէ վերադարձի ճանապարհին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Չինաստան ուղեւորութեան աւարտին կ՚անցնի Ճաբոն։ Թիէնծինի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, երէկ, Փաշինեան Փեքինի մէջ տեսակցեցաւ Ասիոյ ենթակառուցուածքային ներդրումներու դրամատան (ԱԵՆԴ) նախագահ Ծին Լիցզիւնի հետ։
Նախագահ Էրտողան. «Ոեւէ մէկը չի կրնար դաւ հիւսել թուրքերու եւ քիւրտերու եղբայրութեան դէմ»:
Սուրիոյ ներքին կայունութեան երաշխաւորումը Անգարայի եւ Դամասկոսի հրատապ համագործակցութեան կիզակէտին:
Էրտողան-Փութին հանդիպում. Կովկասէ ներս կայունութիւնը կը բխի Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի շահերէն:
ՇՀԿ-ի Թիէնծինի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս աշխոյժ շփումներ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Ատրպէյճանի նախագահին բառապաշարը Ուաշինկթընի համաձայնութեան տրամաբանութեան մէջ չէ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական համայնքը Սուրիոյ մէջ շարունակ կը մնայ կարեւոր եւ զգայուն տարր մը։ Հազարաւոր հայեր տակաւին կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Չինաստանի տանտիրութեամբ, Թիէնծին քաղաքին մէջ կազմակերպուած Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովն ու ՇՀԿ+ հաւաքը արդէն եզրափակուեցան։ Միջազգային գետնի վրայ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս գերաստիճանը, որու շրջանակներէն ներս ի յայտ եկաւ ուշագրաւ հակադրութիւն մը։
Հայաստանի ներքին օրակարգին վրայ «Մեր ձեւով» նորաստեղծ ընդդիմադիր շարժումը արդէն հետզհետէ աւելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ «Մեր ձեւով» շարժումը վերջերս կազմակերպած էր հաւաք մը, որով յայտարարուած էր նոր կուսակցութիւն մը ստեղծելու գործընթացին մեկնարկը։