ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջիկայ օրերուն գործնական փուլ պիտի թեւակոխէ։ Արդէն յայտնի դարձած է Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին ժամադրութեան թուականը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին երէկ վերաօծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ վերջին շրջանի բարեկարգման ու բարեզարդման աշխատանքներէն վերջ։ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ մեր այս ամենահայահոծ թաղի եկեղեցւոյ վերաբացուիլը առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր ուրախութեան՝ մանաւանդ, որ Ս. Վարդանանց եկեղեցին դարձեալ խնամեալ ու պայծառ տեսք մը ստացած է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները արդէն տարածած են այս պատգամը, որու վերնագիրն է՝ «Յետահայեացք անցեալ 2021 տարուան վրայ»։
Փաշինեան-Ռայիսի զրոյց. Իրան կ՚աջակցի տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջեւ ներկայ տարեմուտի դրութեամբ նախատեսուած է հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարներու հանդիպումը ծրագրուած է ներկայ ամսուան մէջ իսկ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2022 թուականի տարեմուտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ միեւնոյն ժամանակ, ունի կոչի մը բնոյթը։
Բերիոյ հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի երդիքին տակ պարգեւատրման ոգեւոր արարողութիւն:
2022 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ֆրանսա ստանձնած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը դառնալուն զուգահեռ՝ յառաջիկայ վեցամսեայ ժամանակաշրջանին Ֆրանսա կը նախատեսէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ հանդէս գալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով՝ ֆրանսական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն տեսանկիւնէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները ամփոփեցին երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ վերահաստատեցին Ռուսաստան-Թուրքիա փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան ապագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։