PEGASUS ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերակենդանացումով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ արդէն կը վերսկսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ընդհատուած էին։
Ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը տարեվերջի առթիւ նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։ Վաչէ Մանուկեան, որ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, իր կողակցին հետ 1 միլիոն տոլար յատկացուց աշխարհատարած այս բարենպատակ կառոյցին, որպէսզի անոր ծրագրերը յաջողութեամբ պսակուին եւ գործունէութիւնը ընդլայնի։
Երեւան եւ Մոսկուա կը ձգտին տնտեսական գետնի վրայ խորացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները:
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանէ ներս անհամեմատօրէն պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը:
Երէկ, Երեւան ունեցաւ նոր քաղաքապետ մը. ի դէմս Հրաչեայ Սարգսեանի։ Քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով այժմ արդէն նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի դէմ անվստահութիւն յայտնելու նիւթը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման եզրերը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտուլլահիան յայտնեց, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան լուծել իրենց խնդիրները, դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ։
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կողակցին՝ Օլկա Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Օլկա Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ցուցահանդէս մը, որու շրջանակին մէջ ներկայացուած են բացառիկ նմոյշներ։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը մեր համայնքի մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն է։ Աւելի՛ն, անոր ապահոված կենսունակութիւնը սահմանափակուած չի մնար միայն երաժշտութեամբ կամ մշակոյթով, այլ իր հետ կը բերէ բազում առաւելութիւններ։