ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ
2018 թուականին մահացած աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, եթէ ապրէր, ապա 93 տարեկան դարձած պիտի ըլլար։ Արա Կիւլէրի տարեդարձին առթիւ այս օրերուն կազմակերպուած է եզակի ցուցահանդէս մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։