Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ԵՒ ԳԷՈՐԳ ԷՕԶԳԱՐԱԿԷՕԶ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱԼԱԹԻԱ
Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան եւ վերաբացման աշխատութիւնները արդէն իսկ իրենց աւարտին հասած են։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս ամսուան վերջերը։