Լրահոս

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Երեւանի մօտ Վատիկանի Ս. Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր վերջերս։ Այս առթիւ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ս. Աթոռի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանփուրի կողմէ։

ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԲՈՒՌՆ ԵՐԹԵՒԵԿ

Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները վերահաստատեցին Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ որոշումը:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ Պրիւքսելի մէջ դարձեալ մէկտեղուեցան՝ այս անգամ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի միջնորդութեամբ:

ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Անգարայի կողմէ՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ պաշտօնի կոչուելիք անունը արդէն յայտնի է։ Այսպէս, այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնէ փորձառու դիւանագէտ մը՝ Սերտար Քըլըչ, որ եղած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը։

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ՃԷՅՔ ՍԱԼԸՎԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։

ՎԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԸ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Վանի շրջանէն ներս, Մուրատիյէ, Սուրբ Ստեփանոս հայկական պատմական եկեղեցւոյ մատնուած անմխիթար վիճակը տեղական մամուլի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։

ՆԱԵՒ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ

Սոչիի գագաթէն վերջ Շարլ Միշել երէկ Պրիւքսելի մէջ մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:
Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերը միջազգային օրակարգի վրայ կը դառնայ առաջնահերթ:

ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԵՐԷԿ ԽՕՍԵՑԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէ երկուքին ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ հայկական գիտական աշխարհի երէց սերունդի հեղինակաւոր ու երախտաշատ ներկայացուցիչներէն արեւելագէտ Գուրգէն Մելիքեանի։ Համալսարանի ղեկավարութիւնը փորձառու գիտնականը պատուեց՝ ծննդեան 85-ամեակի յոբելեանին առթիւ։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՕՃԱԽ ՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհանդէս, ինչ որ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր։ Այդ գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցին կողմէ, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։

Էջեր