ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԱՅՑ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս նորանշանակ համանախագահը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը միշտ կը մատնանշէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսելու կարեւորութիւնը: Պաքու ժամանակաւոր կը համարէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախէ ներս:
Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ամանտա Փոլ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն շուրջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ ակնկալութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ այս տարեվերջին Թուրքիոյ արտածումը 211 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին պիտի հասնի։ Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ժան-Փոլ Պելմոնտօ երէկ մահացաւ 88 տարեկան հասակին։ Գոյժը խոր սուգի մատնեց շարժանկարի աշխարհը։
2021-2022 կրթական շրջանը սկսաւ մէկ կողմէ նոր յոյսերով, իսկ միւս կողմէ նոր մտահոգութիւններով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս երէկ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ բացուեցաւ հայկական 4-րդ փառատօնը, որ կազմակերպուած է թեմին կողմէ։
Որքան դիպուկ բանաձեւած է ֆրանսացի գրողներէն մին. մեծերը տղաքը դպրոց կ՚ուղարկեն, որպէսզի անոնք կրթուին, իսկ տղաքը դպրոց կ՚երթան ապրելու համար… Իսկ այդ ո՞ր կեանքի մասին է խօսքը՝ առանց մտահոգութեան ու նեղութեան։
Մոսկուայէն իրերայաջորդ պատգամներ՝ Անգարա-Երեւան բնականոնցման համար:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն կապակցութեամբ Երեւան կը սպասէ Պաքուի դրական արձագանգին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի մտաւորական Ալեքսանդր Թոփչեան։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնն ալ խոր վշտով արձագանգեց այս կորուստին: