ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գերմանացի իրաւաբան եւ քաղաքագէտ Քարլ Շմիտթ կը փորձէր իր աշխատութիւններուն մէջ ապացուցել, որ խորհրդարանականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը բացարձակապէս տարբեր բաներ են։ Խորհրդարանականութիւնը ազատական հայեցակարգի տարր մըն է։
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակով կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը Անգարայէն վերջին շրջանին հնչած մտադրութիւններուն կապակցութեամբ:
Թիֆլիզ մեծապէս կը կարեւորէ Երեւանի կայունութիւնը՝ քաղաքական ու տնտեսական բնագաւառներու մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Միշել քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց կէս ժամ։
2021-2022 կրթական վերամուտին հայ դպրոցի վերաբերեալ մարտահրաւէրները միշտ ածանցուած կը մնան հայապահպանման առաջնահերթութիւններուն եւ լեզուի տագնապին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր կեցութեան ընթացքին Փաշինեան առանձնազրոյց մը կ՚ունենայ Ղարիպաշվիլիի հետ, երկու վարչապետները կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, երէկ, Ատրպէյճան երկու գերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այսպէս, Պաքուէն օդանաւով Երեւան վերադարձան Արթուր Նալպանտեան եւ Արամայիս Տոռոզեան, որոնք անցեալ յուլիսի 14-ին Սիւնիքի մարզէն ներս, Սեւ լիճի տարածքին մէջ կորսուած էին խիտ մշուշի պայմաններուն ներքեւ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Կովերու պարտէզ» կոչուած հին քաղաքի տարածքը լուռ ու մունջ վարձուած է 99 տարուան ժամկէտով: