Լրահոս

ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԲԱՐԴԱՆԱՅ

Ատրպէյճանի ոստիկանները սկսած են Որոտանի մէջ փաստաթուղթերու ստուգման ենթարկել Իրանի այն բեռնատարներն ու վարորդները, որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի տարածքը:
Պաքու զգուշացուց Մոսկուան, որպէսզի այլ երկիրներու ինքնաշարժները ապօրինի ձեւով մուտք չգործեն Լեռնային Ղարաբաղ:

«ԱՄՆ ՈՐՈՇՈՒԱԾ ՉԻ ՀԱՄԱՐԵՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԸ»

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դեսպանը շաբաթավերջին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՖՈՐՈՒՄ

Մեծն քսանեակի («G20») շրջանակներէն ներս այսօր միջազգային շատ կարեւոր ֆորում մը տեղի կ՚ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած այս ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

ՓԱՅԼԱՆԷՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ խնդիրները։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի դիւանին յղեց հարցադրում մը՝ պահանջելով, որ գրաւոր պատասխան տրուի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի կողմէ։

ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԸ ԲԺԻՇԿ, ԲԱՐԵԿԱՄ ԵՒ ԸՆԿԵՐ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի սուրիահայ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանին մասին։
Ա. Թ.-ն էր պատմողը. «գիտես, Նորարարական բժշկութեան կեդրոնին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի»։

ԲԱՐՁՐԱՐԺԷՔ ՀԱՏՈՐ

Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։

ԴԷՊԻ ԱՄՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 19-22 սեպտեմբեր թուականներուն։

Էջեր