AMAZON-Ի ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ
Ամերիկեան Amazon ընկերութեան ղեկավարութիւնը մտադիր է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ 55 հազար նոր աշխատակիցներ ընդունիլ: Այս մասին «Ռէյօթըրզ»ին տեղեկացուցած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էնտի Ճեսի, որու առաջին հարցազրոյցն է սոյն պաշտօնին նշանակուելէ յետոյ։
Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ երկու ֆրանսացիներ բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի վրայ։ Պրազիլիայի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու ֆրանսացիներ, որոնք առանց թոյլտուութեան բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի ամենաբարձր կէտը:
Լոնտոնի մէջ բացուած է ընտանի կենդանիներու ու անոնց տէրերուն համար ակումբ մը։ Այսպէս, ակումբին մէջ այցելուներուն կը տրամադրուի երկու տեսակ ճաշացանկ, ուր կան քոքթէյլներ ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ անոնց կենդանիներուն համար։
Աշխարհահռչակ մերերգչուհի Յասմիկ Պապեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ան իր 60-ամեայ յոբելեանը կ՚ողջունէ՝ ջերմօրէն շրջապատուած իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։
Երեւան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին տեսակէտէ բարենպաստ ազդեցութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերուելու հեռանկարին մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։
«Ընդդէմ մամլոյ սահմանափակումներու, յանուն խօսքի ազատութեան եւ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի»:
«Ատրպէյճան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ հրապարակային սադրիչ քայլեր կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ»:
Մալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղւոյն երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի ձեւաչափին մէջ վերականգնուած է Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։ Ան համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս զգալի է նոր ու շինիչ մօտեցումներու կարիքը։