Լրահոս

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը շաբաթավերջին մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ 13 ապրիլին, միջազգային մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։

ԲՆԱԶԴՆԵՐՈՎ ԵՒ ՅՈՅԶԵՐՈՎ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երէկ լսեցի երիտասարդ պատգամաւորներէն մէկուն հերթական խօսքերը անանուն կեներալի մը վրայ (չեմ գիտեր, ո՛վ նկատի ունէր՝ Սէյրան Օհանեանը, Մովսէս Յակոբեանը կամ գուցէ Օննիկ Գասպարեանը)։ Կասկած չկայ, թէ նման ելոյթները դիւր կու գան իշխանական պատգամաւորներու «շէֆին», որ, ի դէպ, նոյնպէս կ՚օգտագործէ «ընդդիմադիր կեներալ» անորոշ բառակապակցութիւնը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Երեւանի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ իրականացաւ վերականգնողական բուժում ստացող զինուորներու ձեռային աշխատանքներուն բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը: Ներկայացուած աշխատանքները թիթեռներով ստեղծագործութիւններ են, որոնց վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը զինուորները պիտի փոխանցեն Զինուորի տան:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ԲՕԹ

Ոչ եւս է Վարդան Գրիգորեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակից:
Հայաշխարհը հրաժեշտ կու տայ իր ամենախորհրդանշական դէմքերէն մէկուն, որուն կեանքը իսկապէս օրինակելի էր:

ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

​Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել համատեղ տեսաժողովի մը մասնակցելով քննարկեցին կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ հրատապ հարցերը։ Միջազգային գետնի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս առցանց գագաթաժողովը, որու վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Էլիզէի պալատի աղբիւրներուն կողմէ։

ԻԼԻԱ Բ. ՎՐԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ «ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՐ, ԴԺՈՒԱՐ Է ՆԱԵՒ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Թիֆլիզի մէջ ընդունուեցաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ։

BILD. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ԾԱՂՐԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԱՅ ԶՈՀԵՐԸ»

Գերմանիոյ յայտնի «Bild» թերթը օրերս անդրադարձաւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմաւարի պուրակ»ին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ այդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ՝ ցասում յառաջացնելով հայկական հանրային կարծիքին մօտ։

ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ԸՆԴԱՌԱՋ «ԱՐԱՍ»ԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Կը տեղեկանանք, որ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı'nın Kısa Bir Tarihi» գործը, որու հեղինակն է Թանէր Աքչամ։

ԱՆԽԱԽՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցը Վրաստան. «Կովկասի զարգացման համար անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը այլընտրանք չունին, որեւէ հակամարտութիւն կը վնասէ ամբողջ տարածքաշրջանին»:
Արմէն Սարգսեանի այցելութեամբ Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի կը բարձրանան:

Էջեր