ՍՈԹՔԻ ՈՍԿԻԻ ՀԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԲԱԺՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։
Փաշինեան անհրաժեշտ կը համարէ Արցախի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի վերականգնումը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Խումբ մը ծերակուտականներ պատրաստած էին նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուէր ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ըստ իրեն, եթէ Հայաստան դատարկէ իր բռնագրաւած տարածքները եւ սկսի բնականոնացումը, ապա Թուրքիա այս նիւթերուն շուրջ քայլեր պիտի առնէ Ատրպէյճանի հետ։
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ կապ հաստատեց նաեւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: