ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ Կ՚ՈՐՈՇՈՒԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ»
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնը պայմաններ կը ստեղծէ հիմնախնդրի արդար հիմքով երկարատեւ կարգաւորման համար։ «Կարեւոր է, որ պայմանաւորուածութիւնները պահպանուին։ Մարտական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, իրավիճակը կայունացած է։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ պատրաստուած հրամանագրին, որով Պաքուի ղեկավարութեան պահանջին ընդառաջ, Թուրք զինեալ ուժերէն զինուորներ պիտի գործուղղուին Ատրպէյճան։
Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան երէկ դիմաւորեց առաջնագիծէն վերադարձած փրկարարներու գումարտակը ու տեղեկացուց, որ իր ձեռքերը արդէն ազատ են։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարեց, որ խօսք չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակի մասին։ «Բազմիցս ըսած եմ, որ թոյլ չենք տար, թէ Ատրպէյճանի տարածքներէն ներս երկրորդ հայկական պետութիւն մը ստեղծուի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամով մը։ Հայոց պետականութեան տեսակէտէ ստեղծուած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ իր կողմէ կատարուած հաստատումները եւ օրակարգի վրայ բերուած լուծման առաջարկները ունին պատմական բնոյթ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղուած իր կարճ, ձեռագիր նամակը, որով ան լքեց իր պաշտօնը։
Աշխարհահռչակ ECM ձայնագրման աշխատանոցը, որ աշխատանք կը ծաւալէ Միւնիխի մէջ, Գերմանիա, թողարկած է հայկական երաժշտական կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի «Հոգւով իմոյ» (Con anima) հեղինակային ձայնասկաւառակը, որուն մէջ ընդգրկուած է սիրուած յօրինողի վեց ստեղծագործութիւնը:
«Collins» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը։ Այսպէս, անգլերէն լեզուի «Collins Dictionary» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը (lockdown), որ կը մարմնաւորէ «միլիառաւոր մարդոց ընդհանուր փորձը»: