ՏԵՒԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ըստ իրեն, եթէ Հայաստան դատարկէ իր բռնագրաւած տարածքները եւ սկսի բնականոնացումը, ապա Թուրքիա այս նիւթերուն շուրջ քայլեր պիտի առնէ Ատրպէյճանի հետ։
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ կապ հաստատեց նաեւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի հետ կը շօշափէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաարգելափակման եւ տնտեսական համագործակցութեան վերաբելեալ հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման անյետաձգելի գործին ձեռնարկելու համար կարելի չ՚ըլլար քաղաքական նոր կլիմայ մը ստեղծել:
Հայաստանի ներքին տագնապը պատճառ կը դառնայ ժամանակի մսխումի: Կառավարութեան կազմի փոփոխութիւնները անհեռանկար: Յայտնի գործիչներ հացադուլի սկսան:
Ցաւով տեղեկացանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ եւ գեղարուեստական գործիչ Զաւէն Սարգսեան։ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէնն էր ան, որ 73 տարեկան հասակին հեռացած է կեանքէ։ Իր կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։
«Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թուրքիա-Ռուսաստան այժմու բանակցութիւններուն շուրջ:
Անգարա կը ձգտի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս ունենալ ռազմական դիտարկման անկախ կեդրոն մը, ինչ որ կը բախի Մոսկուայի վերապահութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անօրինակ ընտրութիւնները ճիշդ է՝ մեր ետին մնացին։ Բայց եւ այնպէս, երկրի 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ իր ամբողջական ներուժը լարել՝ փորձելով երկրի քաղաքացիներուն ըսել, թէ ընտրութիւնները այնուամենայնիւ անարդար էին եւ կարգ մը նահանգներու մէջ «ընտրակեղծիքներ»ը պէտք է բացայայտուին ու նոյնիսկ կատարուին նոր ընտրութիւններ։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ամման, ուր հիւրընկալուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Յորդանան յարաբերութիւններու զարգացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները Ատրպէյճան պիտի գործուղղուին հնարաւորինս արագ։ Համապատասխան հրամանագրի վերաբերեալ ընթացակարգի աւարտելուն զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորներու տեղակայման համար ալ ամէն ինչ պատրաստ է։
Հայաստան ծանր տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը:
Հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի, երբ աղէտի հետեւանքով պետական համակարգը գրեթէ կաթուածահար դարձած է: Ներքին քաղաքական լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի՝ միշտ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջի բարձրաձայնումով: