ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԱՌԿԱՅ ԱՆԴՈՒՆԴԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ ՇԱՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԸՆԹԱՑՔՈՎ
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ծաւալի՝ հայաշխարհէ ներս համատարած անհանգստութեան պատճառ դառնալով։ Պատերազմի ձախողումը շատ ծանր կացութիւն մը ստեղծած է հայկական կողմին տեսակէտէ, ինչ որ անխուսափելի դարձուցած է ներքին քաղաքական նոր խմորումները։
Հայաստանի դիմագրաւած ծանր քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հերթական կոչով։ Ստորեւ նոյնութեամբ, արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք իր յայտարարութեան բնագիրը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին բարձր մակարդակի վրայ։
Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն:
«Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր ռուսահայ գործարարն ալ պահանջեց վարչապետին հրաժարականը:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի եւ նոյն խորհուրդի գործադիր տնօրէն Փոլ Եպսկ. Թայի հետ։
Ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանիշային մրցաշարքը կը վերսկսի յառաջիկայ 2021 թուականի ապրիլին։ Այսպէս, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի խաղերուն վարկանիշային մրցաշարքը՝ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, պիտի վերսկսի ապրիլ 2021 թուականին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ:
Հայաստանի մէջ հրադադարի զուգահեռ ընդդիմադիր ուժերուն ծնունդ տուած բողոքի ալիքը հասուննալով վերածուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ։