ՈՐԲՈՒԿ ՎԱԳՐԱՁԻՆ…
Քենիոյ մէջ Տիրիա անունով որբացած վագրաձին վերագտած է երջանկութիւնը իր խնամակալի շնորհիւ, որ ամէն օր կը կրէ սեւ ու սպիտակ գծաւոր վերնազգեստ՝ փոխարինելով անոր մայրը։
Քենիոյ մէջ Տիրիա անունով որբացած վագրաձին վերագտած է երջանկութիւնը իր խնամակալի շնորհիւ, որ ամէն օր կը կրէ սեւ ու սպիտակ գծաւոր վերնազգեստ՝ փոխարինելով անոր մայրը։
Նիւ Եորքի մէջ աճուրդով հոյամողէզի մը կմախքը կը վաճառուի։ Այսպէս, աշխարհահռչակ Christie՚s աճուրդի տունը հոյամողէզի մը կմախքը վաճառքի կը հանէ, կը գրէ «The New York Times»ը:
Անգլիոյ մէջ թողարկուած է Հերի Փոթըրի յայտնի գարեջուրը։ Այսպէս, «Warner Bros» ընկերութիւնը թողարկած է սերով գարեջուր, զոր շատ կը սիրէին խմել Հերրի Փոթըրի երեւակայական շարժանկարի շարքի հերոսները:
Պելժիացի կինը կենդանիներու պատկերներով ուտեստներ պատրաստելու շնորհիւ մեծ թիւով հետեւորդ ստացած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, Պելժիոյ փոքր գիւղերէն մէկը բնակող Եոլանտա Սթոքերմանս ծաղիկներու եւ կենդանիներու ձեւերով ուտեստներ պատրաստելու տաղանդի շնորհիւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է համացանցի մէջ, կը գրէ «boredpanda.com» կայքէջը։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողքին։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ երէկ «CNN Türk»ի ուղիղ եթերին վրայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր ունի Ատրպէյճանի հետ։
Մոսկուայի երէկուան քննարկումներէն վերջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթըն կ՚ուղղուին՝ վաղուան շփումներուն համար:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը բարդ է ու կրակի դադրեցումն է միակ ճիշդ ուղին:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի յառաջատար դէմքերուն հետ, Արցախի լայնածաւալ պատերազմի բարդ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։
Նիկոլ Փաշինեան. «Որեւէ դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլը անիմաստ է գոնէ այս փուլին»:
Հայաստանի վարչապետի երէկուան յայտարարութիւններէն վերջ իր բանբերը հանդէս եկաւ պարզաբանումներով:
Լեռնային Ղարաբաղի առկայ թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ընդհանուր իրադրութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեան առարկայ դառնալ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան այսօր կէսօրուան ժամերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ փոխանցեց առաւօտեան ժամերու վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։