ԱՌԱՆՑ ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒ ՃԱԳԱՐԸ
Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի բնակչուհի 35-ամեայ Քայլի Քլարք ճագարներու բուծմամբ կը զբաղի։ Մէկ ամիս առաջ անոր ճագարներէն մէկը ծննդաբերութիւն ըրաւ, սակայն ձագերէն մէկը առանց ականջներու ծնաւ։
Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի բնակչուհի 35-ամեայ Քայլի Քլարք ճագարներու բուծմամբ կը զբաղի։ Մէկ ամիս առաջ անոր ճագարներէն մէկը ծննդաբերութիւն ըրաւ, սակայն ձագերէն մէկը առանց ականջներու ծնաւ։
Քորոնաժահրի համավարակին դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու իշխանութիւնները տնօրինած են նոր կարգադրութիւններ. դիմակ կրել, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանել եւ ձեռքերը միշտ եւ ուշադրութեամբ լուալ։ Մարդիկ, սակայն, միշտ ուշադրութիւն չեն ըներ ընկերային հեռաւորութեան կանոնին։
Աշխարհի ամենաբարձրահասակ շունը մրցանիշ մը եւս հաստատած է ու եղած՝ աշխարհի ամենատարեց գերմանական շունը։
Սպանիոյ Ալմերիա քաղաքի բնակիչ այր եւ կին մը կ՚ապրի վերամշակուած շիշերէ, կերպընկալէ ամաններէ, ինքնաշարժի հինցած անիւներէ եւ աղբէ կառուցուած տունի մը մէջ։
Լաուրա Տէյվիս եւ Տէյվիտ Պիւքենըն այս իւրօրինակ տունը սկսան կառուցել 2007 թուականին
Իտալիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել Թոսքանա մարզին մէջ գտնուող Վալի լիճի տակ մնացած երբեմնի գիւղը։
Ֆապրիքէ տէ Քարեճին անունով այս գիւղը հիմնուած է 12-րդ դարուն, սակայն 1946-ին այստեղ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նպատակով ամբարտակ ստեղծուած է ու գիւղը մնացած է ջուրի տակ։
Վիեթնամի մէջ բացուած է հինգ աստղանի պանդոկ մը, որու թէ՛ արտաքինը եւ թէ ներքնամասը պատուած է ձոյլ ոսկիով։ Այս արտասովոր շէնքին մասին կը տեղեկացնէ պանդոկի պաշտօնական կայքէջը։
Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Սա անակնկալ այցելութիւն մըն էր, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Սիալայի կողմէ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու տնօրինութեամբ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին երկրէն ներս։ Այսպէս, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը՝ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ։
Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնները երէկ յետաձգուեցան այս օրուան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ կը քննուի Երրորդ Հանրապետութեան ամենակարեւոր գործերէն մին: Վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական ատեան:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ հերթական տեսաքոնֆերանսը տեղի պիտի ունենայ այս ամսավերջին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բանբերը յայտնեց նաեւ, որ ներկայ ձեւաչափով հանդիպումները պիտի վերսկսին՝ երբ միջազգային հաղորդակցութիւններու՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները ջնջուին։