«ԵՐԿԻՆՔԸ ԸՆՏՐԵԱԼՆԵՐ ՉՈՒՆԻ»
Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Այսպէս, առաջին անգամ բնագրէն՝ գերմաներէնէն, հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է 20-րդ դարու ամենայայտնի եւ ընթերցուող հեղինակներէն մէկուն՝ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Գիրքը հրատարակած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատունը, թարգմանիչն է Վանուհի Բաղմանեան։
Ֆրանսայի մէջ այցելութիւններու համար բացուած է Վերսայի պալատական համալիրը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ յունիսի 6-էն սկսեալ այցելութիւններու համար բացուած է հռչակաւոր Վերսայի պալատական համալիրը:
Վանաձորի թատրոնի ետնաբակին մէջ սկսած են բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները։ Այսպէս, Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի ետնաբակին մէջ օրերս կը սկսին բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակեալներու թիւը վերստին կը հասնի հազարի շեմին՝ իւրաքանչիւր օրուան վիճակագրական տուեալներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկկողմանի օրակարգի հարցերուն առընթեր, Էրտողան եւ Թրամփ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ՝ Լիպիոյ ճգնաժամի գլխաւորութեամբ։
Հայաստանի մէջ կարեւոր երեք պաշտօններու պարագային երէկ նոր նշանակումներ կատարուեցան՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերով։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով՝ Վահէ Ղազարեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, Օննիկ Գասպարեան նշանակուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Արգիշտի Քեարամեան նշանակուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն։
Ամերիկահայ յայտնի բժիշկ, ազգային գործիչ ու բարերար՝ նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Այրին՝ Շողակ Յովհաննէսեան, հարազատները եւ այլ մերձաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հրաժեշտի արարողութիւնը։
Հայաստանէն հասած վիճակագրական տուեալները կը ցոլացնեն յամառ պայքարի անհրաժեշտութիւնը:
Ամերիկահայ յայտնի գիտնական փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան արժանացաւ գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր ՔԱՎԼԻ մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկիոյ Արքունի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ, առ ի գնահատանք անոր ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան:
Քորոնաժահրի համաճարակին կապակցութեամբ վերջին օրերուն Հայաստանէն կը հասնին ծայր աստիճան մտահոգիչ լուրեր։ Շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր ընտանիքի անդամներուն հետ վարակուած է քորոնաժահրով՝ թէեւ, բարեբախտաբար, դարմանումը կ՚ընթանայ բարեյաջող հունի մէջ։