«ԱՐՍԵՆԱԼ» ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ
Անգլիական մամուլի հաղորդումներով, Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է Հենրիխ Մխիթարեանէն հրաժարելու։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հենրիխ Մխիթարեանի անունը մարզական աշխարհէ ներս դարձեալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ իր հաւանական փոխանցման բերումով։
Գանատահայ համայնքէն Տքթ. Ալին Խաչիկեան վերջերս նշանակուած է ատենապետուհի՝ Canadian Association of Radiologists Resident and Fellow բաժանմունքին։ Այսպէսով Գանատայի Քէպէք նահանգէն եւ McGill համալսարանէն բժիշկ մը առաջին անգամ նշանակուած է այս բարձր պաշտօնին համար։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սկիզբ տուած է «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան՝ նպատակ ունենալով օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք անհրաժեշտութիւնը ունին հիմնական սնունդի, Covid-19 համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, մարդիկ կը դժուարանան այս շրջանին դիմագրաւել իրենց կարիքները՝ համաճարակին զուգահեռ բխած նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երէկուան դրութեամբ նոր փուլ մը սկիզբ առաւ Հայաստանէ ներս։ Այսպէս, կառավարութեան որոշումով համաճարակի պարտադրանքով հաստատուած սահմանափակումները յարաբերաբար թուլացան եւ սկսաւ առօրեան աստիճանաբար բնականոն հունին վերադարձնելու գործընթացը։
Քոճա. «Որքան որ հնազանդինք սահմանափակումներուն՝ արդիւնքը այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:
Ամբողջ աշխարհի մէջ վարակեալներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 3.5 միլիոնի:
Քորոնաժահրի համաճարակի ալիքի սաստկութեան նուազեցման զուգահեռ՝ բնականոն առօրեայի վերադառնալու ուղղեալ քայլեր: Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայի գլխաւորութեամբ պատրաստութիւններ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերու շուրջ։