ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆ
Ընկերային ցանցերու վրայ «աստղ»ի համբաւ ձեռք բերած Մուրատ Էօվիւչ երէկ հանդէս եկաւ հայատեաց արտայայտութիւններով։ Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի խորհրդանշած կերպարը թիրախաւորելու պատրուակով ան վիրաւորական, անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։
Հանրապետութեան նախագահը այս տարի եւս ոգեկոչեց 1915 թուականին զոհուած օսմանահայերը:
Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ առկայ խոր անվստահութեան հերթական դրսեւորումը՝ Ապրիլի 24-ի շրջանին:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն Թուրքիոյ պարագային հրապարակուած վիճակագրական տուեալները կը պարզեն յարաբերաբար յուսադրիչ համայնապատկեր մը։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ վերջին օրուան ընթացքին կատարուած է 30 հազար 117 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ պարզուած է 2 հազար 357 նոր վարակեալ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու բնագիրը կարդալ ստորեւ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը այսօր կը նշէ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տարելիցը ու կը դիմէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան՝ խոկումով ու խնկարկութեամբ:
Նազիլլիի մէջ հանրային ճեմապարտէզի մը կառուցման ատեն հայկական գերեզմաններ ի յայտ եկան:
Սփիւռքահայ յայտնի գիտնական, գործարար եւ ազգային բարերար Ասօ Դաւիթեան նախընթաց օր անակնկալօրէն կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ամերիկահայութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մին էր եւ հայկական սփիւռքի ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին։
«Հայաստանի համար ընդունելի չեն այն առաջարկները, որոնք փուլային կարգաւորում կ՚ենթադրեն»: