«ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
«Կալերի 77»ն կը հիւրընկալէ յայտնի արուեստագէտի եզակի ցուցահանդէսը:
Սայաթ Ուշաքլըկիլ կը կեդրոնանայ մարդոց եւ անոնց մարմնաւորած իրականութիւններուն վրայ:
«Կալերի 77»ն կը հիւրընկալէ յայտնի արուեստագէտի եզակի ցուցահանդէսը:
Սայաթ Ուշաքլըկիլ կը կեդրոնանայ մարդոց եւ անոնց մարմնաւորած իրականութիւններուն վրայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնով պայմանաւորուած միջազգային վտանգներուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Պիշկէքի գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւը հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս մարաթոնը, որու հասոյթը միշտ կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար։
Գրասէրներու շրջանակներէն ներս միջոցէ մը ի վեր անանտեսելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Zaralı» գիրքը, որու հեղինակն է Աւետիս Օլկուն։ Դերձակուհի Վարդանոյշի յուշերը կը մատուցուին այս հետաքրքրական գիրքով, որու արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպեցաւ ժողովուրդի հետ։ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը կը շարունակէ մասնակցիլ իրերայաջորդ հաւաքներու։
Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» գրատուն-հրատարակչատունը կը պատրաստուի 2020 թուականի տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դնել գիրք մը, որու բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեր համայնքին։ Թրքերէն այս գիրքը կը կոչուի՝ «Որոնումներու մէջ սերունդ մը. մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ» (Arayış İçinde Bir Kuşak: Günümüz İstanbul’unda Ermeni Lisesi Mezunu Gençler)։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին. երէկ տեղի ունեցաւ կանոնական մարմիններու նիստ:
Կազմակերպութեան անդամ երկիրները միջազգային հարթակներու վրայ պէտք է համաձայնեցուած մօտեցում արտայայտեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ:
Ատրպէյճանէն՝ Հայաստան եւ Արցախ այցելած լրագրողներու խումբի մասին մանրամասնութիւններ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրէն աւելի՝ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է տնտեսական հարցերու նկատմամբ: