Լրահոս

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔ

15 յուլիս 2016 թուականի ձախող պետական հարուածի երրորդ տարելիցը կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ:
Նախագահ Էրտողանի մասնակցութեամբ այսօր երեկոյեան հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ:

Տ. ԱՒԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Աւինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին եւ այլ հաւաքոյթներու։

ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուրքիա երէկ խոր յուզում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շարքայիններուն հետ ոստիկան զօրքերը ունեցան բախումներ։ Քաղաքի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ժամանակ չէզոքացուած է երեք ահաբեկիչ։

ՆՈՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻ ԾՐԱԳԻՐ

Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր՝ «Ա. Սէ. Միլան» եւ «Ինթեր Միլան», ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՚արժէ 1.2 միլիառ եւրօ: Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու մեր համակրելի բարեկամ Երուանդ Զօրեանը, որ այս շաբաթավերջին իր մասնագիտական աշխատանքին վերաբերեալ համաժողովի մը մէջ դասախօսելու նպատակով կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Երուանդ Զօրեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ժրաջան անդամներէն մին է։

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Պաթումի 16-րդ միջազգային համաժողովը՝ ձօնուած Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանին եւ ձեռքբերումներու ամփոփման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Թուրքիոյ՝ շրջափակման քաղաքականութեան բերումով:

Էջեր