ՄԱՀ՝ ՆԿԱՐԻՉ ՌԻՇԱՐ ԺԵՐԱՆԵԱՆԻ
Երէկ, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Ռիշար Ժերանեան։ «Նոր Յառաջ» ցաւով կը գուժէ բօթը՝ ընդգծելով, որ ֆրանսահայ անփոխարինելի դէմքերու տերեւաթափը կը շարունակուի։
Երէկ, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Ռիշար Ժերանեան։ «Նոր Յառաջ» ցաւով կը գուժէ բօթը՝ ընդգծելով, որ ֆրանսահայ անփոխարինելի դէմքերու տերեւաթափը կը շարունակուի։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ յետմիջօրէին շարժման անցան Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի ստեղծելու եւ Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու համար։
Առաջին հերթին ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծումներ կատարեցին՝ 30 քիլօմեթր խորանալով սահմանէն ներս։ Գիշերուան ժամերուն ալ սկսաւ ցամաքէն յառաջխաղացումը։ ՆԱԹՕ օրինական կը համարէ՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջնական հրահանգը տուաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին. «Մեր նպատակը յայտնի է ու յստակ»։
Շիշլիի քաղաքապետութեան ենթակայ «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Զուլալ» երրեակի համերգը։ Հարկ է նշել, որ «Զուլալ» երրեակը այս օրերուն քաղաքս եկած է՝ մասնակցելու համար Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը, որ մասնակցութիւն բերաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT)։ Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութենէն ներս Քիմ Քարտաշեանը ողջունելու համար։
Ընկերատնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքման վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ ձօնուած է Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներուն։ «Osmanlı Saray Kuyumcuları 1853-1871» հաստափոր այս հատորը լոյս տեսած է «Korpus» հրատարակչութենէն։
Հայերէն ձեռագրերու թուայնացման հարցին ձօնուած միջազգային շահեկան դասախօսութիւն մը:
Փարիզի մէջ, INALCO-ի երդիքին տակ քննարկուեցաւ նորարար փորձագիտութիւններու դերը՝ լեզուի զարգացման համար:
Թուրքիա՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ միջազգային նոր իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ: Ազգային մեծ ժողովը Հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւն տուաւ՝ սահմանէն դուրս զինուոր ուղարկելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատեց, որ 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ պիտի հիւրընկալէ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այս ուրբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական հանդիպումներ պիտի իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան՝ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT) առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել արտադրութիւն։