ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց երկար սպասուած դրական լուր մը. օրեր անց Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի տարածման թափը անկում արձանագրել սկսած է: Տագնապը նուազագոյն վնասներով յաղթահարելու ուղղութեամբ յուսադրիչ իրադարձութիւն:
Նախարարաց խորհուրդի վերջին ժողովին ժամանակ յստակօրէն ի յայտ եկան յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները, որոնք կը բիւրեղանան միջազգային փորձառութիւններու լոյսին տակ:
Կառավարութիւնը որոշած է իսկոյն շարժման անցնիլ երաշխաւորելու համար՝ կենսաանվտանգութիւնը, սնունդի անվտանգութիւնն ու սիպերանվտանգութիւնը:
Վեհ. Հայրապետը կարծիք յայտնեց Հայաստանի քաղաքական կեանքի ամենակնճռոտ հարցերէն մէկուն մասին: Կառավարութեան եւ Մայր Աթոռի միջեւ բանավէճ:
Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ ընտրողներու նուազ մասնակցութեամբ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս, հայաբնակ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վրէժ Աղաճանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը կը փոխարինէ Արա Նաճարեանը, որ հեռացած է քաղաքապետի պաշտօնէն։
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը կը ներկայացնէ գրողի ընտանիքի նախընտրած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։ Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը ապրիլի 10-էն սկսեալ տուաւ «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրի մեկնարկը, որու շրջանակէն ներս թէ՛ մեծահասակները եւ թէ փոքրիկները կրնան ծանօթանալ ամենայն հայոց բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի անդամներու նախըտրած ճաշատեսակներուն:
Հայկական անուշեղէնը յայտնուած է չեխական ազգային վաճառանիշներու կարգին։
Պերլինի մէջ, Գերմանիա, բարձրակարգ ճաշարաններէն մին անվճար սնունդ կը մատակարարէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Պերլինի մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող ճաշարաններէն մէկը, որ փակ է յաճախորդներու համար, այս օրերուն կ՚աշխատի բժիշկներու համար՝ անվճար սնունդ մատակարարելով անոնց:
Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։