Լրահոս

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ երեկոյեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիսը։

ՀՈՐԻԶՈՆԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԵՆԱՅ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութենէն պաշտօնապէս պահանջուեցաւ կանոնադրութիւն: Դիմումը երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութեամբ:
Ժամկէտներ առաջարկուած են գործընթացը մինչեւ տարեվերջ տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար: Համայնքը այս օրերուն կը լուսաբանուի զեկոյցով մը:

ԱՆՇԵՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը տեւեց աւելի քան 6 ժամ. ծանրաբեռնուած օրակարգ:
Թուրքիա ամենայն վճռակամութեամբ կը հետապնդէ Սուրիոյ տարածքին մէջ խաղաղութեան միջանցք մը ստեղծելու հարցը:

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԱՆԿՔՈՔԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անհանգստութեան պատճառ դառնալ։ Ուաշինկթըն ներկայիս Անգարայէն յամառօրէն կը պահանջէ այդ համակարգերը գործնական օգտագործման վիճակի չբերել։

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան անպաշտօն այցելութեամբ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ

ՄԱՍԻՍ ՄԱՅԻԼԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Երէկ, Քամպերայի մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիք Ապեթսի հետ։

ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Եւրոպական պատկան մարմինները տեղեկագիր մը հրապարակեցին՝ մասնագէտներու կողմէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ: Եւրոպայի ամենամեծ փայտաշէն կառոյցի փրկութեան առաջադրութեամբ մշակուած ծրագրի հիմնական նպատակն է տարածքը վերաշահիլ եւ շէնքերը դարձնել անվտանգ:

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ 17-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ

Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։

Էջեր