ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՎՃԻՌԸ ԲԵԿԱՆՈՒԱԾ
Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ջնջող՝ նախապէս կայացուած դատավճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը վերաքննութեան համար Վճռաբեկ ատեանին կողմէ վերադարձուած է Վերաքննիչ դատարան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ այս համալսարանին միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ միտուած է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման։
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վարշավիոյ պատմական աքտերու կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վայս Հուպերթը։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեանի յայտարարութիւնները:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 63-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպպոսեան» աշակերտական կեդրոնի երդիքին տակ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռէ ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը. «Երանի անոնց, որոնք վաստակ ունին Սուրբ Էջմիածնի մէջ»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մեթիու Պրայզա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեթիու Պրայզա փոխ-նախարար ըլլալէ առաջ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։