Հայաստանի Մէջ Ներդրումային Ծրագրեր
Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի: