ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՏՈՒԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Պերլինի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի, Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի եւ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց վարչապետն ու նախարարաց խորհուրդի անդամները:
Հայաստանի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Տիգրան Յակոբեան, որ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ ներս փորձառու եւ հեղինակաւոր անուն մըն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յիշեալ յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին քննարկման առնուեցաւ նախկին նախագահ Գագիկ Բունիաթեանի հրաժարականը, որու ընդունման զուգահեռ կատարուեցաւ նոր նախագահի ընտրութիւն։
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ ելմտական աջակցութիւն ցուցաբերել ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղեալ կառավարական ծրագրերուն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Ճոն Պոլթըն առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։