ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՅՔ ՓՈՄՓԷՈՅԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ուաշինկթըն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին մատնանշեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութեան հետեւողական զարգացումը։