ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՇԽԱՐՀԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏՕՆԵՑ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
Ուղղափառ աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ապրեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Ֆարմանեանի մահուան բերումով։ Ան մահացաւ անժամանակ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։
Կին ձեռներէցներու համաշխարհային միութեան (FCEM) միջազգային համաժողովը լայն հնարաւորութիւն կու տայ բարձրացնել Հայաստանի գործարարութեան, զբօսաշրջային եւ մշակութային գրաւչութիւնը:
Վարշաւիոյ համալսարանի գրադարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Փիրուզ Մնացականեանի հեղինակած «Լեհահայեր, ձեռագրական ժառանգութիւն» գիրքի շնորհանդէսը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ շնորհանդէսը կազմակերպուած էր Լեհաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ։
Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն գիւղին մէջ, այս տարի, պիտի բացուի եւ գործէ հնագիտական թանգարան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։
Սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն եւ Շոշ համայնքներուն մէջ գործածութեան պիտի յանձնուին նորակառոյց մանկապարտէզները:
Հայաստանի առողջապահութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կատարուած է կենդանի նուիրատուէ (տոնէօր) լեարդի փոխպատուաստում։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յայտնած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կառավարութեան ապրիլի 25-ի նիստի ժամանակ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ-Ունի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Քորէա ունի հիւլէական զէնքեր եւ սա միջազգային բեմահարթակի մը վրայ կը համարուի լուրջ մարտահրաւէր մը։