Հարթակ

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՍՊԱՍԵՆՔ ՄԻԱՅՆ ԳԱՐՆԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բախտորոշ ժամանակներ չենք ապրիր արցախեան հիմնախնդրի լուծման տեսակէտէ։ Այս առումով ալ տեղի ունեցած վերջին շփումները ուրուագծուեցան մասնաւորապէս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ կայացած հանդիպումով, որ հերթական բնոյթ մը ունենալէ անդին նորութեան օղակ մը չաւելցուց տագնապի լուծման համար առկայ ընդհանուր շփումներու շղթային։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՏՔԻ՛ ԵՒ ՈՉ ՄՈՐԹԻ ԳՈՅՆԻ ՄԱՍԻՆ Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Առաջին անգամ երբ տղաս հանդիպեցաւ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի երեխայի մը, ցնցուեցաւ: «Արեւը չափազանց տաք է հոս: Նայէ՛ այդ տղուն մորթին», ըսաւ ան:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շատ տարիներ առաջ՝ երբ տակաւին կ՚աշակերտէի Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը, «Բուրաստան» անունով աշակերտական պարբերաթերթ մը կը հրատարակուէր ուսուցչական միութեան կողմէ։ Անոր խմբագիրներ էին՝ ի միջի այլոց, Հայկ Պարիկեանն ու իմ ուսուցիչ Յովակիմ Պագգալեանը։

ԹՈՐԳՈՄԻՆ ԵՐԱԶԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Գիշեր է: Ի՜նչ գեղեցիկ տօնական օր մըն էր: Տօնածառը տեղադրուեցաւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ, տօնական երգեր հնչեցին, խինդ ու ծիծաղով թնդաց տունը: Մինչ Թորգոմ, ըստ սովորականին, չմասնակցեցաւ արարողութեան. իսկ մայրը, ամէն տարուայ պէս, Թորգոմին զարդը մէկդի թողուց, որպէսզի Թորգոմ երբոր ուզէ՝ տեղադրէ:

ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ստորեւ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէն թարգմանուած երկու պատմուածք, որոնց պարունակութիւնը այնքան այժմէական են եւ կրնան մեզմէ շատերուն համար օգտակար ու պիտանի ըլլալ: Մեր այսօրուան կեանքը այնքան արագացած է, որ շատ յաճախ որոշակի մանրամասնութիւններ չնչին նկատելով կ՚անտեսենք ու ուշադրութիւն չենք դարձներ, այն ինչ երբ որոշակի ժամանակ անդրադարձ ունենանք՝ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ բան կորսնցուցած ենք:

ՔԵՐՔԻՒՔԷՆ…

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Քերքիւքի մէջ 1938 թուականի մարտի առաջին օրը գրուած տողերով սկսաւ ամէն ինչ։
Ամէն ինչ, որ կ՚ըսեմ, այս շաբաթական սիւնակներուս մէջ ձեր տեսած ամէն ինչին կ՚ակնարկեմ. իմ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնս, ընկերամշակութային մարդաբանական հետազօտութիւնս Թուրքիոյ մէջ, եւ նոյնինքն յօդուածաշարքն այս։

«ԱՐԱՔՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԵՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ՝ 150 ՈՒ ԱՐՄԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆԻ 140 ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի։
Այս առիթով, ոչ միայն Հայաստանի, այլ տարբեր երկիրներու եւ հաւանաբար հայկական բոլոր համայքներուն մէջ համերգով մը, որոշ տեղեր ալ՝ համերգներով, նշուեցաւ պանծալի այս ամեակը։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Քրիստոս ինչպէ՞ս Իր ճշմարիտ մարմինը կը ցուցնէր, ինչպէս Իր Աստուածութիւնը:
Պատասխան.
Ոսկեբերանը կ՚ըսէ վեց պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մարմինով մեզի մեծամեծ շնորհքներ պարքեւուեցաւ, այսինքն՝ մեղքերու թողութիւն, եւ կեանք, եւ յարութիւն, եւ այլն, եւ մեր հաւատքով շնորհքը կ՚ընդունինք: 

ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԴԱՒԹԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՄՈՒՐ ՍՓԻՒՌՔԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
-Հայր սուրբ, ի՞նչ պայմաններու տակ ստանձնեցիք այս պատմական թեմի առաջնորդի պաշտօնը։

Էջեր