ՀԱՅԵՐԸ Ո՞Վ ԵՆ, ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՄ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդու տկարութեան մաս կը կազմէ կողմնակալութիւնը. օրինակի համար՝ այսօր փողոցի մը մէջ հայ մը եւ օտար մը թող կռուի բռնուին, առանց նիւթի իսկութիւնը հասկնալու, բնականաբար, առաջին անգամ պիտի պաշտպանենք հայը, որովհետեւ այդ մէկը մարդկային տկարութեան մաս կը կազմէ: