Թրքահայութիւնը՝ Ապրիլի 24-էն դէպի Յունիսի 7-ը…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցաւ Ապրիլի 24-ը, սակայն արձագանգները տակաւին կը շարունակուին։ Առնուազն մինչեւ Յունիսի 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ այս հարցը օրակարգի վրայ կրնայ գտնուիլ. այդ ալ բաւական ամբոխավարական տրամադրութիւններով։