Նոր միտքերու համար առիթ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը նոր շունչ մը բերած է սփիւռքեան մեր իրականութեան։ Քանի մը տարի առաջ փակման վտանգի եզրին հասած այս բաժանմունքը այսօր հանդէս կու գայ անբաղդատելի ու նոյնիսկ դժուար հաւատալի կենսունակութեամբ։