Արխիւ
«Պողազիչի» համալսարանի երդիքին տակ 24-30 Մայիս թուականներուն կայացաւ Բազմամշակոյթ թատերական օրերու փառատօնը։ Հանդիսականները փառատօնի օրերուն առիթն ունեցան դիտելու նաեւ հայկական մշակոյթէ նմոյշներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամութիւն»ը իր իսկական իմաստով, մարդկային ամէն յարաբերութիւններու մէջ գերադաս զգացում մըն է՝ գլխաւորը, անհրաժեշտը եւ լրացուցիչը անոնց։ Մարդկային յարաբերութիւններու գագաթնակէ՛տն է բարեկամութիւնը, քանի որ անոր ազդակները ո՛չ թէ նիւթական կամ մարմնաւոր, այլ բարոյական բարձր արժէքներ են՝ բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։
Աթագիւղի «Իսփիրթօհանէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Նատիա Թեքիրօղլուի ի պատիւ։ 45 տարի Տատեան վարժարանի մէջ ծառայելէ վերջ հանգստեան կոչուած Նատիա Թեքիրօղլուին տեսակէտէ իսկական անակնկալ մըն էր այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր իր սաներու ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Աւագ հիւպատոս Չարլզ Հանթըրը եւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան քաղաքական գործերու գծով խորհրդական Ճասթին Ֆրիտմընը։
Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը նշեց Քառասուն Մանկանց դպրաց դասու հիմնադրութեան եւ երգչախումբի կազմաւորման ձօնուած հերթական հանգրուանը:
Գալֆաեան Տան ընտանիքը այս շաբաթավերջին աւանդական շրջանաւարտից օրուան առթիւ ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Սկիւտարի մէջ, հաստատութեան ննջարանի բաժնի համալիրի պարտէզէն ներս երէկ տեղի ունեցած հաւաքոյթը ի մի բերաւ դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։
Շաբաթավերջին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական խրախճանք մը։ Այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս միջվարժարանային ձեռնարկը, որու բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ դպրոցի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։
Տատեան սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած կերպարուեստի դասընթացքներուն դրական արդիւնքը:
Պաքըրգիւղցիները խանդավառութիւն ապրեցան թաղի փոքրիկներու ստեղծագործական ընդունակութիւններու ներկայացմամբ:
Էսաեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Շաբաթամուտի դրօշակի արարողութեան ընթացքին ամբողջ դպրոցը ողջունեց Գարին Էօճալի կողմէ արձանագրուած բացառիկ նուաճումը։ Արդարեւ, Էսաեանի 11-րդ դասարանի շնորհալի աշակերտուհիներէն Գարին Էօճալ մարմնամարզի կալուածէն ներս հասած էր բացառիկ արդիւնքի մը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հաւաք, որ զուգադիպեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 147-րդ տարեդարձին։ Միեւնոյն ժամանակ այս հանդիսութեան ընթացքին մէկտեղուեցան Գատըգիւղի եւ Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանի ընթացաւարտները։
Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ յատկանշական հանդէս մը տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ թաղի դպրոցի մանկապարտէզի սաներուն առաջին քայլափոխը՝ կրթական կեանքէն ներս:
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 183-րդ տարեդարձին ձօնուած արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ենիգաբուի նոր հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի նուաճման տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքին։ Իսթանպուլի նուաճման 562-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը իրականացաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Սեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ շաբաթավերջին օծուեցան եւ պաշտամունքի բացուեցան նորակառոյց եկեղեցիներ։ Սեւան քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց եւ Արտաշատ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները օծուեցան հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինա Շիրինօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
«Business Insider» համացանցային կայքէջի աւստրալական տարբերակը ներկայացուցած է Եւրոպայի զբօսաշրջութեան լաւագոյն վայրերէն քանի մը հատը, որոնք մինչեւ հիմա անյայտ են շատերու համար:
Երեւանի մէջ վերջերս նշուեցաւ «Կոմիտաս» նշանաւոր լարային քառեակի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Այս յատկանշական տարեդարձին առթիւ խումբը սարքեց համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Երեւանի «Հայարթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մեծ հետաքրքրութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէս մը՝ «Հայարթ» մշակութային կեդրոնի, «Վարդգէս Խախամեան Բիւզանդ» հաստատութեան եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ վերջերս այցելեցին Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։ Դեսպաններու այս այցելութեան միացան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատուներ։