Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհի բազմաթիւ քրիստոնէական եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցին ի յիշատակ հայոց նահատակներուն:
2015-ի ոգեկոչումները կը կատարուին զգացականութեան եւ տրամաբանութեան առաւելագոյնս համընկման մթնոլորտին մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները
Անմարմին զինուորներու օրհներգութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սրբալոյս Միւռոնով հանդիսաւորապէս օծեցին սրբապատկերները, մինչ հնչեցին շարականի տպաւորիչ մեղեդիները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փառաշուք հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, նաեւ քոյր եկեղեցիներու պետեր, համաքրիստոնէական ընտանիքի ներկայացուցիչներ։
«Խորհուրդ խորին» եւ «Սուրբ Սուրբ» շարականներու երգեցողութեան պայմանաւորած մթնոլորտին մէջ, ժամը՝ 19.15-ին 100 անգամ ղօղանջեցին Մայր Տաճարի զանգերը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները։
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ, երէկ յետմիջօրէին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ եւս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ներկայիս Պիթլիսէն, Մուշէն, Սասունէն, Տիարպաքըրէն եւ յարկից այլ շրջաններէն խումբ մը հայեր պտոյտի մը ձեռնարկած են դէպի արեւելք՝ երբեմնի հայաբնակ գաւառները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան Սրբադասման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
«Իսկ եթէ նախատիցի՛ք եւս վասն անուանն Քրիստոսի, երանելի՛ էք, զի …Աստուծոյ Հոգին ի վերայ ձեր հանգուցեալ է»
(Ա ՊԵՏ. Դ 14)
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ, Ապրիլի 24-ին առթիւ Իսթանպուլի մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Ծանօթ է, որ քանի մը տարիէ ի վեր հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 1915-ի զոհերը կ՚ոգեկոչուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, որու թղթակիցը Ճանսու Չամլըպէլ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Այսօր «Հիւրրիյէթ»ի մէջ գրեթէ ամբողջ էջ մը յատկացուած է այս հարցազրոյցին, որու ամբողջական տարբերակը զետեղուած է նաեւ թերթի համացանցային կայքէջին վրայ։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ այս առաւօտ Ապրիլի 24-ին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատմական արարողութիւն մը։ 2015-ի մթնոլորտին մէջ այս արարողութիւնները ունեցան պատմական նշանակութիւն։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայոց բոլոր պնդումները անհիմն են»:
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ սկսած է վերստին շեշտադրել իր վաղեմի մօտեցումները: Նախագահը այսօր դարձեալ հանդէս կու գայ յայտարարութիւնով մը:
Պետական աւագանին այսօր ոգեկոչման համար Չանաքքալէ կ՚այցելէ միջազգային հիւրերուն մասնակցութեամբ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Արեւոտ ու զուարթ առտու մըն էր 1915 Ապրիլ 12-ի առաւօտը։
Մայրաքաղաքը կ՚արթննար սովորականին պէս անփոյթ ու ժպտուն։
Բարեկամս Սահակ-Մեսրոպի հետ շատ կանուխ, արեւին մէջէն կը քալէինք Բանկալթիի շիտակէն։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ յօդուած մը գրի առաւ, «Հայկական մենութեան 100 տարին» խորագրին ներքեւ։ Այս սրտառուչ յօդուածին մէջ Շարլ Ազնաւուր շեշտեց, թէ իր մէջ ատելութիւն չեն դաստիարակած։
Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ այսօր մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ 0րուան տօնին առընթեր, այսօր կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը։
Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացներով, այս տարի եւս Իսթանպուլի մէջ ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան Ապրիլի 24-ին առթիւ։ Այս շրջագծով երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ։
Վաղուան ոգեկոչումներուն ընդառաջ Անգարայի թիրախը դարձած են Երեւանի արարողութիւնները:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Իրենք պիտի նուագեն, իրենք ալ պիտի խաղան»:
Աւստրիոյ խորհրդարանի որոշումէն վերջ Թուրքիա քննարկումներու համար ետ կանչեց Վիեննայի մօտ իր դեսպանը:
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը կատարէ պատմական կարգադրութիւն մը:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Միջեկեղեցական Հսկում:
Երեւանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հողօրհնէքը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Հայաստան մեկնած Ղպտիներու Պատրիարքը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Դեղագործութիւն ուսանելէ վերջ հոգեւոր ասպարէզ նետուած Տ.Տ. Թեւադրոս Բ. մասնագիտացած է փոքրիկներուն կրօնական ուսում ջամբելու նիւթին վրայ: Նորին Սրբութիւնը, որ համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս ունի լուրջ համբաւ, նոր սերունդը կը նտակէ եկեղեցւոյս զարթօնքին գրաւականը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրարու հարցնենք սիրելինե՜ր. իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անարդարութիւններու, անիրաւութիւններու չենթարկուած մէկը կա՞յ արդեօք։ Ամէն մարդ, քիչ կամ շատ չափով, դիմաւորուած է անիրաւ ու անարդար դէպքերու հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն բերումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ նախորդ գիշեր (Ապրիլի 20-21) ժամը 05.15-ի սահմաններուն՝ պատահեցան բախումներ։
Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան կը պատրաստուին Ապրիլի 24-ին, մինչ միջազգային ընտանիքն ալ կը շարունակէ յայտարարութիւնները հայկական հարցին շուրջ:
Նախագահ Օպամա անփոփոխ կը պահէ իր դիրքորոշումը:
Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւնները աստիճանաբար կը կեդրոնանան ներկայ օրերուն համար նախատեսուած ծրագիրներու գործադրութեան վրայ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տեղական մամուլը ողողուած է հայկական հարցին վերաբերեալ նիւթերով։ Այդ ամբողջէն անմասն չէ նաեւ թրքահայութիւնը։ Ինչպէս միշտ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին վրայ ազդեցութիւն գործելու հնարաւորութենէն զուրկ ըլլալով հանդերձ մեր համայնքին գոյութեան փաստը կը շեշտադրուի՝ նշանակութեան ուռճացումով։
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ աշխարհի բազմաթիւ եկեղեցիներու պետերը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեցին Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Տ.Տ. Եփրեմ Բ. եւ Մարոնիտ եկեղեցւոյ առաջնորդ Կարտինալ Ալ Ռայի Պութրոս։