Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ այս օ­րե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Այս շրջագ­ծով ան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի զեկոյցին հեղինակը:
Եթէ զեկոյցին մէջ ակնարկութիւն կատարուի հայկական հարցին, ապա Թուրքիա չեղեալ պիտի համարէ այդ փաստաթուղթը:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութիւն:
Տասը ընթացաւարտներուն կարեւոր մէկ մասը ուսումը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ 24-30 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն կա­յա­ցաւ Բազ­մամ­շա­կոյթ թա­տե­րա­կան օ­րե­րու փա­ռա­տօ­նը։ Հան­դի­սա­կան­նե­րը փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն ա­ռիթն ու­նե­ցան դի­տե­լու նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թէ նմոյշ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բա­րե­կա­մու­թիւն»ը իր իս­կա­կան ի­մաս­տով, մարդ­կա­յին ա­մէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ գե­րա­դաս զգա­ցում մըն է՝ գլխա­ւո­րը, անհ­րա­ժեշ­տը եւ լրա­ցու­ցի­չը ա­նոնց։ Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գա­գաթ­նա­կէ՛տն է բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոր ազ­դակ­նե­րը ո՛չ թէ նիւ­թա­կան կամ մարմ­նա­ւոր, այլ բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­ներ են՝ բա­րին, գե­ղե­ցի­կը եւ ճշմա­րի­տը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Ա­թա­գիւ­ղի «Իս­փիր­թօ­հա­նէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուի ի պա­տիւ։ 45 տա­րի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի մէջ ծա­ռա­յե­լէ վերջ հանգս­տեան կո­չուած Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուին տե­սա­կէ­տէ իս­կա­կան ա­նակն­կալ մըն էր այս ձեռ­նար­կը, որ կազ­մա­կերպուած էր իր սա­նե­րու ինք­նա­բուխ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ «Կո­մի­տաս» նշա­նա­ւոր լա­րա­յին քա­ռեա­կի հիմ­նադ­րու­թեան 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս յատ­կան­շա­կան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ խում­բը սար­քեց հա­մերգ մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշտա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Հա­յարթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Արթ-էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու մեծ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կերպուե­ցաւ «Արթ-էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Հա­յարթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի, «Վարդ­գէս Խա­խա­մեան Բիւ­զանդ» հաս­տա­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Դես­պան­նե­րու այս այ­ցե­լու­թեան միա­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռը Ե­րե­ւա­նի մէջ բո­լո­րի ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ հիմ­նադ­րուած օ­րէն ի վեր։ Պե­տա­կան մար­մին­նե­րը, Սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին այս թան­գա­րա­նին հետ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ս․ Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեան» պե­տա­կան օ­փե­րա­յի մե­ներ­գիչ, պաս-պա­րի­թոն Սար­գիս Բաժ­բէուկ-Մե­լի­քեա­նի եւ խմբա­վար-դաշ­նա­կա­հար Ա­րա Պետ­րո­սեա­նի հա­մեր­գը։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ուրուկուայի հայկական ռատիօժամի հիմնադրութեան յոբելենական հանդիսութիւնները՝ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ կատարուեցաւ պարգեւատրում:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Երեւան եւ Պրիւքսէլ կը փնտռեն այն ոլորտները, ուր կրնան տակաւին համագործակցիլ:
«Հայաստան պիտի փորձէ մօտ մնալ Եւրոմիութեան հետ բանակցուած, բայց չստորագրուած համաձայնագրին»:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​25 Մա­յի­սին լրա­ցաւ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռին թա­փուր մնա­լու ա­ռա­ջին տա­րին: Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Սլէյ­ման 25 Մա­յի­սին կը հե­ռա­նար Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տէն եւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րու միակ քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հի ա­թո­ռը կը մնար թա­փուր: Վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն Պաապ­տա­յի պա­լատ հա­սած նա­խա­գահ­նե­րը ընտ­րուած էին «քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեա­ն» հիմ­քով: 

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

​Հայաստանէ ներս հաստատուեցաւ երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկը՝ այս անգամ մայրաքաղաքէն դուրս: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Միջ­միու­թե­նա­կան ար­տա­սա­նու­թեան մրցոյ­թը ե­րէկ երեկոյեան կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։ Մեծ ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րուն ձօ­նուած մրցոյ­թի դափ­նե­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թե­նէն Մա­րիամ Քե­շի­շօղ­լու։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­ժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղ­բիւ­րը կը հայ­թայ­թէ ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ա­տեն, հա­մե­մա­տա­բար՝ եր­բեմն տկար, եր­բեմն ալ շատ զօ­րա­ւո՛ր։ Ուս­տի ա­մէն ուժ իր ժա­մա­նա­կին եւ տե­ղին մէջ մե՛ծ է եւ զօ­րա­ւոր, կա­րե­ւոր, եւ ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ լու­սա­ւո­րու­թեան։ 

Էջեր