Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 9-րդ խորհրդաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Բացման նիստին ներկայ էին Հայաստանի կառավարութենէն նախարարներ Ժաննա Անդրէասեան եւ Անահիտ Աւանէսեան:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Անգարա-Պաքու համագործակցութեան առանցքին մնալ կը շարունակէ ուժանիւթի ոլորտը։ Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ բնական կազի գծով համագործակցութեան նոր համաձայնագիր մը։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնը:
Սարդարապատի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին դէմ պատահածը՝ արդի ընդունուած արժէքներու քայքայման վառ օրինակ:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն Փրակի մէջ արժեւորեցին Կովկասի տարածաշրջանային հեռանկարները:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Հայ ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ իր ապագան հարեւաններուն հետ է»:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու սաներուն հետ։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէ Եպիսկոպոսի յիշատակութեան տօնը, որ նաեւ Էջմիածնի Ս. Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Որոշ երեւոյթներու նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունք է նախապաշարումը, որ կ՚արտայայտուի մտածելակերպի եւ վարուելակերպի ներքեւ ամրագրուած ձեւերով։ Նախապաշարումները՝ ըլլալով որպէս հոգեբանութեան տարր, աստիճանաբար կը դառնան անհատական կամ հասարակական գիտակցութեան բաղադրամասը։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Է 1-2)։ Յիսուս, այս խօսքերով կը մատնանշէ մարդկային յայտնի եւ ընդհանուր մէկ տկարութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մօտաւորապէս հինգ ամիս առաջ՝ ուրբաթ, 12 յունուար 2024 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր սիւնակին մէջ գրեցինք «Համազգային ահազանգ» խորագրեալ յօդուած մը. այդ յօդուածը դժբախտ կանխատեսումն էր մերօրեայ կացութեան. առաջին հերթին պէտք է յստակ ըլլայ, որ եկեղեցւոյ եւ պետականութեան միջեւ եղած կռփամարտը Բագրատ Եպիսկոպոս Գալսեանեանի ընդդիմութենէն վերջ չէ՛ որ սկիզբ առաւ. աւելի քան երբեք յստակ էր, որ պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէր չէզոքացնելու համար Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Բագրատ Եպիսկոպոսի շարժումը դրդապատճառ եղաւ, որպէսզի պետութիւնը ի գործ դնէ իր երկարամեայ չէզոքացման նախագիծը:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Եթէ կ՚ուզէք կռիւ ստեղծել ընդդիմադիր որեւէ շարժման մէջ, հարցուցէք. «Իսկ ո՞վ է վարչապետի ձեր թեկնածուն»: Գրեթէ անվրէպ աշխատող գործիք է. 10-20 հոգիի մը մէջ կ՚արթննայ «էկօ»ն եւ անոնք կա՛մ բարձրաձայն, կա՛մ հոգիի խորքին հարց կու տան. «Իսկ ինչո՞ւ ոչ ես»:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024

Լոս Անճելըսի պոլսահայ միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ձկնորսներու խրախճանք» մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Շուրջ 150 հոգի համախմբուեցաւ ընթրիքի սեղաններուն շուրջ, մինչ ճաշացուցակը պատրաստուած էր ծովային ճոխ տեսականիով։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Աթագիւղի Ողիմպիական աւանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մարմնամարզի խրախճանք մը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի համերգի մը՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը կոչուած է «Լուսաւորչի կանթեղը Սուրբ Էջմիածնով» եւ կը հովանաւորուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորումը այս օրերուն գեղարուեստասէրներուն ու հետաքրքիրներուն կը ներկայացնէ «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը»։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի խրախուսանքով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թոփհանէի DEPO-ին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Միրզոյեան կրկնեց հայկական կողմին վշտակցութիւնները Իրանի մէջ՝ այժմ արդէն նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները Ազգային ժողովի մէջ. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եկեղեցւոյ դէմ արշաւ չկայ, չէ եղած ու չ՚ըլլար, իսկ եթէ այդպիսի բան մը նկատելի է, ուրեմն սա պէտք է տեսնել ուրիշ տեղ, ինչ որ կապ չունի կառավարութեան, կառավարող մեծամասնութեան հետ»:
«Երբ 2018-ին ստանձնեցինք իշխանութիւնը, շարունակեցինք կղերաֆէոտալ աւանդութիւնները, ինչ որ մեր ամենամեծ ամօթն է։ Այժմ մենք մեր մէջ կը յաղթահարենք այդ մտածելակերպը»:

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միշտ լարուածութիւն. ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքը «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ցուցարարներուն դէմ պաշտպանութեան տակ առաւ այս առաւօտեան նիստէն առաջ:
Քոնստանդին Զատուլին. «Փաշինեանի իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը Կովկասի եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ նուաստացում է Ռուսաստանի համար»:

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք երէկ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-ամեակի յիշատակութեան օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան մէջ աննախադէպ ամօթալի եւ խիստ դատապարտելի իրողութեան:

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ գրականութեան ինքնատիպ անուններէն է արձակագիր, թարգմանիչ, Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Եղիշէ Չարենց» գրականւթեան եւ արուեստի թանգարանի նախկին տնօրէններէն Ստեփան Ալաճաճեան:

Էջեր