Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ԽԱՂԱԼԻՔ ՎԱՃԱՌՈՂԻՆ ՄՕՏ
-Հիմա, դուն այսինքն անակնկալի՞ պիտի գաս, Կաղանդի գիշերը շա՞տ պիտի ուրախանաս, երբ տեսնես նուէրի թուղթով փաթթուած այս տուփը,- կ՚ըսէ խաղալիք վաճառողը մանուկի մը, որ եկած է ծնողքին հետ, գտած է իր նախասիրած ու փափաքած խաղալիքը ու ահա նուէրի տեսքով շալկած դուրս պիտի ելլէ խաղալիք վաճառողին խանութէն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամենէն վառ երգիծանկարիչը, որուն պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՚ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն՝ Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջեկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալումի տարբեր բնութագրումներուն մասին՝ անգլերէն լեզուով:
Արցախի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ժամը շուրջ 13.20-ին Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Վաչէ Չիլինկարեան (1998)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս Խորենացիին գողտրիկ եւ զգայացո՜ւնց երգն է որ կը հնչէ.
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՜, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Եւ այս նշանակ ձեզ.
գտանիցէք մանուկ պատեալ ի խանձարուրս
եւ եդեալ ի մսուր» (Ղուկաս, 2.12)
Զի ի նմա հաճեցաւ ամենայն լրումն
Աստուածութեանն բնակել.
Եւ նովաւ հաշտեցուցանել զամենայն ի նոյն
(Կողոսացիս, 1.19)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Այսօր ցնծան երկինք ի վերուստ մեծապայծառ աւետեօք.
Եւ արարածք ամենայն զգեցան հանդերձ փրկութեան»
(Շարական Աստուածայայտնութեան)
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15)։
Մանկացեալ Յիսուսի Ծննդեան դէպքը իր աստուածահրաշ նշաններով եւ իր պատգամաշեշտ հնչեղութեամբ մարդոց հետաքրքրութիւնն էր շարժած ու գրաւած։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝
Տան աւետիս աշխարհի:
Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:
Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ՝
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ»:
Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հիւրընկալուած ըլլալը։ Այս կապակցութեամբ երէկ կատարած էինք մանրամասն հաղորդումներ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ:
Նորին սրբազնութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ բազում հանգամանքներ, որոնք հակասութեան վերածուած են գործընթացի ամբողջին մէջ: Այս լուսաբանութիւնով նոր փուլ մը կը թեւակոխէ վերջին շաբաթներու բռնկած վէճը եկեղեցականներու միջեւ:
Իրանի մէջ ծագած խռովութիւնները ստեղծած են լայն արձագանգ եւ առարկայ կը դառնան միջազգային գետնի վրայ անմիջական հետաքրքրութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի հարեւան երկրի իրադարձութիւններուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծում չի ստանար, որովհետեւ Ատրպէյճան դէմ դուրս կու գայ ոչ թէ Հայաստանի մօտեցման, այլ՝ միջազգային հանրութեան դիրքորոշման։ «Արդեօք Ատրպէյճան կը փոխէ՞ իր դիրքորոշումը 2018 թուականին
«Մեր կազմակերպութիւնը ընդարձակեց իր գործունէութեան դաշտը՝ նոր նախաձեռնութիւններով եւ առանցքային համագործակցութիւններով»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի պատգամը՝ ձեռքբերումներու եւ ծրագիրներու ընդգծումով:
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձօնուած աւանդական հոգեւոր համերգը։ Երեկոյթին նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեան, Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը, իր ամենաամփոփ բացատրութեամբ կը նշանակէ վստահութի՛ւն ունենալ, ապաւէն ցոյց տալ։ Հաւատքը, այս իմաստով, Աստուծոյ ինքզինք մարդուս յայտնութեան՝ մարդուն պատասխա՛նն է։ Աստուած երբ կը յայտնէ ինքզինք մարդուն, եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ», մարդն ալ կը պատասխանէ. «Այո՛, Դուն ես», ահաւասիկ այս կարճ բայց իմաստալից երկխօսութիւնը «հաւա՛տք» է, հաւատքի արտայայտութի՛ւնն է։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ամանորեայ գեղեցիկ ու անաղարտ հէքեաթը իւրովի երանգ մը ստացաւ դպրոցի յարկէն ներս։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը 2018 թուականը դիմաւորեց Տատեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան խրախճանքով։ Ամբողջ դպրոցը յարդարուած էր Կաղանդի բնորոշ ձեւով։ Դպրոցի մուտքին զետեղուած մեծ տօնածառը արդէն ազդանշան մը կու տար ներսի տրամադրութեան մասին։