Արխիւ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ողջունէ 90-ամեակը իր երիցագոյններէն Վռամշապուհ Մանուկեանի, որ թոռն է թերթիս հիմնադիրներէն հանգուցեալ Սարգիս Գօչունեանի։ Այս տարեդարձը բարձր տրամադրութեամբ կը համակէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը, որ ուրախակից է Վռամշապուհ Մանուկեանին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մը:
Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ազգային կեանքը հաւատքով վերակերտել՝ համախումբ մնալով եկեղեցւոյ շուրջ:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց երկրի կառավարութեան դէմ, որու գլուխը կը գտնուէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր կ՚ընդունի վարչապետ Պայրուի հրաժարականը եւ այսպէսով կը սկսի երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը իրերայաջորդ կ՚անդրադառնայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ճգնաժամերը նորէն կը դնեն երկիրը ճակատագրական շրջանի մը առջեւ։ Ամերիկեան վերջին ճնշումները եւ սահմանային լարումները պարզօրէն ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը երբեք Լիբանանի կայունութիւնը չէ, այլ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն անվտանգութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդու հոգին յաճախ կը ճնշուի վիրաւորանքով, ցաւով ու դժբախտութեամբ։ Ամէն անգամ ճիշդ եւ հաւասարակշռուած չենք կրնար ըլլալ մեր արձագանգներուն մէջ, երբ ներքին ծանրութիւնները կը խեղդեն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Գողին ընկեր եղող [գողութեան բաժնեկից] իր հոգին կ՚ատէ, անիկա կ՚երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ» (Առ 29.24):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Բայց, հարցը սա է, որ արդեօք ճշմարտութիւն մը պակաս ըսելն ալ սո՞ւտ խօսիլ է, թէ ո՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ քիչ թէ շատ գրականութեան ու հայ մամուլին մօտ էք, վստահաբար լսած էք Սիրան Սեզա անունը, սակայն վստահ ենք, որ մեր հայ ժողովուրդի զաւակներէն շա՜տ շատեր լսած չէ անունը այս կնոջ՝ որ եղաւ հայ կնոջ արժէքը մեծարող նախաշաւիղներէն մին եւ հակառակ ժամանակի պահանջներուն եւ մտածելակերպին՝ երկար տարիներ հրատարակեց «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-Կ՚երթամ, ըսաւ տղաս։
-Վստա՞հ ես, հարցուցի։
-Կ՚երթամ, կրկնեց ան։
Տասներկու տարեկան տղաս առաջին անգամ ըլլալով եռօրեայ պտոյտի մը պիտի մասնակցէր եւ փաստօրէն՝ երկու գիշեր տունէն դուրս պիտի քնանար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի նորաձեւութեան պատմութեան գիրքին մէջ ոսկետառով գրուած է Ճորճիօ Արմանիի անունը, սակայն, այսօր բոլորը սեւ գոյնով երիզած են անոր նկարը եւ հրաժեշտ կու տան նորաձեւութեան արքային։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ ամէն գիշեր, լռութեան մէջ, երբ ամբողջ քաղաքը կը քնանայ, ես արթուն կը մնամ։ Ժամերն ու վայրկեանները կ՚անցնին՝ առանց աղմուկի, բայց միշտ ծանր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վախը՝ մարդկային կեանքին ամենէն ազդու եւ տիրապետող զգացո՛ւմն է, եւ սկզբնական վախը՝ մահուան վախն է, վախը՝ կորսնցնելու եւ կորսուելու։ Ընդհանրապէս չարին անդոհը ստելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որպէս գրասէրներ, վստահաբար, բազմաթի՜ւ բաներ լսած եւ կամ գուցէ կարդացած էք Աղեղեանական ուղղագրութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին հրամցուեցաւ որպէս «բարիք» եւ «բարեփոխութիւն», սակայն, իրականութիւնը տարբեր էր ներկայացուածէն:
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ քննարկումներ ծաւալուած են՝ Հայաստանի հարաւով անցնելիք TRIPP անցուղիին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։
Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրերէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչներու ժամադրութիւն:
Քըլըչ եւ Ռուբինեան կը քննարկեն՝ նախապէս գոյացած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին հարցեր:
Այսօր վերամուտ է։ 2025-2026 կրթական շրջանը պաշտօնապէս կը բացուի Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններուն մէջ։ Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ ալ զուգահեռաբար կը հնչէ առաջին զանգը։
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի երբեմնի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հերթական յուզիչ Սուրբ Պատարագը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, պատարագեց Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան:
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։ Այս կորուստը լայն արձագանգ ստեղծած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր ան կը գտնուէր «Մարմարա» օրաթերթի գլուխը։