Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այն որ վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու իր խմբակցութենէն մի քանի գիտոսիկներ յաճախակի կերպով ցեխարձակումներ կը կատարեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ հոգեւորականութեան վրայ, արդէն «բնական» երեւոյթի վերածուած է, ինչքան ալ անբնական ու անտրամաբանական եւ իրենց զբաղեցուցած պաշտօններուն անյարիր ըլլայ իրենց կեցուածքը:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Ապրիլի 24-ին, հայոց սրբադասեալ նահատակներուն համար մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Քաղաքական իրադրութիւնը այսօր կը պահանջէ ըլլալ հակառուս: Բոլոր այն մարդիկ, որոնք կ՚ընդդիմանան ներկայ իշխանութիւններուն, կը պարզուի, «Քրեմլինի գործակալներ» են: Այդ ալիքին վրայ իշխանութիւններու աչքը մտնելու ամենադիւրին տարբերակը ռուսերու մասին քանի մը «քաղցր խօսք» ըսելն է:
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, կեանքէն հեռացաւ ականաւոր գիտնական, հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ որպէս հասարակական գործիչ։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի շուրջ 10-12 քիլօմեթրը արդէն ճշդուած կարելի է նկատել»:
Իլհամ Ալիեւ. «Մենք այս փուլին պէտք չէ, որ յստակ գիծ մը բռնենք ու կոյր կատուի մը նման հետեւինք այդ մէկուն»:
Երէկ, համայն հայութիւնը 24 Ապրիլի առթիւ աշխարհի չորս ծագերուն կազմակերպեց ոգեկոչման արարողութիւններ։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներն ալ հրապարակեցին պատգամներ՝ քաղաքական կամ հասարակական գործիչներով, զանազան կառոյցներով, երեսփոխաններով, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներով եւ այլ մակարդակի դէմքերով հանդերձ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամներն ու սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ շատ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։
«Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, ինչ որ նախապայման է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի համար»:
Իլհամ Ալիեւ միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցը՝ մինչ հաւանական կը նկատէ մինչեւ նոյեմբեր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ փաստաթուղթին ստորագրումը: Ղազախիստան արտաքին գործոց նախարարները բանակցելու կը հրաւիրէ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան կը ձերբազատուի՝ սփիւռքին կողմէ իրեն պարտադրուած խաւարէն։
Դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, նախագահ Էրտողան օդանաւին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը՝ շարունակելով շուրջ 10 տարիէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացը։
Համայն հայութիւնը այսօր վերստին համախմբուած է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհասփիւռ հայերը հերթական անգամ կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ինչ որ ընէ՝ կարեւոր կամ անկարեւոր, բարի եւ օգտակար եւ կամ բարձր նպատակի համար կամ սովորական, պէտք է միշտ ճշմարտութեան ծառայէ։ Այն գործունէութեան մէջ, որ ճշմարտութեան ծառայելու նպատակ չկայ՝ ի զուր աշխատանք մըն է։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առաջինը. Ինչո՞ւ գիշերուան այս ուշ ժամուն այս տակառին մէջ կը պահուըտիս: Իրականութիւնը ըսէ՛, այլապէս կը տեղեկացնեմ պահակին կամ «ՕՓԵՔ»1 կազմակերպութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ ընդհանուր ներածականին մէջ ընդհանուր ձեւով խօսած էր պսակի խորհուրդին մասին, սակայն իր 8-րդ գլուխով կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու անոնց մասին. Հայրիկ այս գլուխը կը կոչէ «Հարսանիք եւ խորհուրդ պսակին». Հայրիկ Սուրբ Պսակն ու խորհուրդը կը բնորոշէ որպէս «Նոր կենաց մուտն» եւ այդ սրբազան արարողութիւնը կը համեմատէ Դրախտի մէջ կատարուած պսակադրութեան հետ։
Մարսէյլի արքեպիսկոպոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկութիւնը պատմութեան սկիզբէն ի վեր ապրած է երկու հիմնական հասկացութիւններու մէջ, որոնք են խաղաղութիւնն ու պատերազմը։ Երկուքը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ իրարմով կը սնանին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ կրնա՞յ ինքնիրմէ արդարութեան ճամբան գտնել ու քայլել անկէ:
Պատասխան. Մարդ իր սեփական կամեցողութեամբ եւ կարողութիւններով չի՛ կրնար արդարութեան ճամբան գտնել եւ անկէ քայլել: Այդ կրնայ ընել, եթէ Աստուծմէ օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն գտնէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1915 թուականի ապրիլի 24-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականութեան խումբին մէջ կը գտնուէր տքթ. Աւետիս Նագգաշեան, որ նշանակալի կեանք ունեցած է թէ՛ Պոլիս, թէ՛ արտասահման։