Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ ազգային ազատագրական պայքարի գործիչ, մանկավարժ Գագիկ Օզանեան, 1910-ականներուն կը թղթակցէր պոլսահայ մամուլին եւ ծանօթ անուն էր մտաւորական ու գրոց բրոց շրջանակներէն ներս: Ան, իր հօրեղբորորդիի՝ Անդրանիկին պէս, ծնած է Շապին Գարահիսար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկու հզօր ուժեր կան մարդուս մէջ, որոնք կրնան բարոյական աշխարհներ կործանել կամ կանգնել։
«Շահ»ը եւ «սէր»ն է այս երկու ուժերը։
Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Արթիւր Պաղտասարեան, Տիանա Յարութիւնեան եւ Մարգարիտ Սարգսեան հերթական անգամ հմայեցին երաժշտասէրները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փետրուարի 21-ին Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժման մարտիկ, Ֆրանսայի ազգային հերոս, հայ մտաւորական, բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացումի արձագանգները կը շարունակուին: Ուղիղ հեռասփռումի միջոցով ականատես եղանք այդ պատմական իրադարձութեան. արարողութեան ընթացքին Միսաք Մանուշեանի քովը իր վերջին հանգրուանը գտաւ նաեւ կողակիցը՝ Մելինէ Մանուշեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արուեստի սիրահարներ շատ լաւ գիտեն, թէ երաժշտութիւնը միայն ձայնանիշերու համադրում չէ։ Երաժշտութիւնը իմաստ մը պէտք է ունենայ, գաղափար մը, իւրայատուկ լեզու մը, որ անկախ ազգութենէ՝ անխտիր բոլորը կը հասկնան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, այլազան զբաղումներու մէջ՝ տարուած աշխարհային նպատակներու եւ վայելքներու հրապոյրէն, ի վերջոյ կ՚անդրադառնան, թէ իրենց համար ամենակենսականը աղօթքն է։ Եւ այս իմաստով, աղօթքի սկզբունքը կը ներկայանայ՝ աղօթքի նպատակը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ՝ 20 ոարտ 1874 թուականին Խրիմեան Հայրիկ անձնական նամակ մը կը գրէր ծերունի մտաւորականի մը եւ կը յայտնէր իր սքանչացումը. «Հապճեպով կարդացի աւագ ուրբաթի իրիկուան Յիսուսի վերջին մրմունջն ի խաչին. կարդացի մեծին Վարդանայ հրաժեշտն յիւր տիկնոջէ. Կարդացի Ախուրեան գետի հառաչ. կարդացի պանդուխտ աղջիկն. Կարդացի ասոնք եւ աչքերէս արցունք ցօղեցի»:
Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ շփումները միշտ աշխոյժ՝ ներառեալ նախագահներու մակարդակը:
Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երկկողմանի կապերուն ապահոված նպաստին համար:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հաստատեց, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ իր հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆինլանտիայէն երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներ, որոնք վերջին օրերուն Անգարայի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ եկած են Իսթանպուլ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Համալաինէն, Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Քիրստի Նարինէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Իլքքա Ռայի Սանէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը Ս. Պատարագի ընթացքին։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւններ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չի համարեր Հայաստանի մէջ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնհինգերորդ օրն է:
Պահեցողներէն շատերու համար խորագիրի երկու հարցադրումները ամբողջ պահեցողութեան ընթացքին հանգիստ չեն ձգեր: Ինչո՞ւ. որովհետեւ շատերու համար պահեցողութիւն այսինչ բանը ուտելու, այնինչ բանը չուտելու մէջ կը կայանայ:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վանքին մէջ ստացաւ վարդապետական գաւազան։ Անցեալ շաբաթ ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած էր իր վարդապետական թեզը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհի մէջ ակնյայտօրէն կ՚ահագնանայ քաոս մը, որուն համար կը նախընտրուի՝ ուժերու վերադասաւորման շրջանի բանաձեւումը։ Սա մղձաւանջ մըն է հայութեան համար՝ քանի պատմութեան ընթացքին միշտ այսպիսի պահերու մէջ հայոց պետականութիւնը անկում ունեցած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Երեւան-Փարիզ համագործակցութիւնը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է՝ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան խորացումով։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւ երէկ ստորագրեցին՝ այս ոլորտէն ներս համագործակցութեան խորացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան երէկ ենթարկուած է գործողութեան մը։ Մասնագէտները երիկամունքի փոխպատուաստման յաջող վիրահատութեան մը ենթարկած են տէր հայրը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասներրորդ օրն է:
Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս տարուան ընթացքին հանդիպող բոլոր պահեցողութիւնները մարդուն համար առիթ են երկնաքաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքները կը ջանան նոր ճակատագիր մը կերտել՝ երգիծանքը վերածելով դիմադրութեան գործօն:
Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը հաստատուած գաղթականներու կեանքի պայքարին կ՚աջակցին սփիւռքէն բարերարներ եւ կազմակերպութիւններ: