Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին ու պէտք է հիմնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւններու վրայ։ Իր խօսքով՝ Երեւան մտադրութիւն չունի Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լարելու, խզելու կամ փճացնելու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին արդէն կը պատրաստուի իր նոր՝ 267-րդ քահանայապետը ընտրելու։ Կը հաղորդուի, որ Քոնքլաւը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ՝ մայիսի 7-ին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ պետական արարողակարգով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

Վեհափառ Հայրապետը կը կարեւորէ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ մտահոգ՝ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային ծանր մարտահրաւէրներով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ղեկավար երէկ հիւրընկալեց հեռուստահաղորդավար Արամ Գուրանը, որ վերջերս ներգրաւուած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Մարսէյլի պատմական «Քամփ Օտտօ»ին։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը եւ Մարսէյլի «ԱՐԱՄ» հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Աղքատութիւնը Աստուծմէ տրուած պատի՞ժ է մարդուն:
Պատասխան.
Երբե՛ք: Աղքատութիւնը պատիժ չէ՛ Աստուծմէ տրուած, այլ կարգավիճակ է, որ ինչ-ինչ պաճառներով, կամ ինչ պարագաներու բերումով մարդ այդ վիճակին մէջ կը յայտնուի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի վրայ՝ ուր կ՚ապրինք, ամէն ինչ արժանի է գնահատանքի, քանի որ այն բոլորը ստեղծուած են բանաւոր պատճառով մը եւ ո՛չ մէկ բան առանց նպատակի ստեղծուած է։ Մարդ շատ իրականութիւններու կրնայ չանդրադառնալ, բայց շատ բաներ՝ որոնք կը գտնուին աշխարհի վրայ, ստեղծուած են ի նպաստ մարդուն՝ ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու համար անոր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկրաշարժերը մեզ կը յիշեցնեն, որ բնութիւնը շատ զօրաւոր է եւ պէտք է մշտապէս պատրաստ ըլլանք անոր ուժին։ Ամենավտանգաւոր կողմերէն մին այն է, որ երկրաշարժը նախօրօք կարելի չէ ճիշդ կերպով կանխատեսել։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեւորականին սնարի գի՛րքն է Աստուածաշունչ մատեանը։ Ան է, եւ ան պէտք է ըլլայ գրասեղանի առաջին եւ անբաժան ընկերը հոգեւորականին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ձեզմէ քանի՞ն ձանձրացած է անդադար մամուլի եւ կամ գրականութեան մէջ նոյն անուններուն մասին կարդալէ. վստահ ենք անոնց թիւը քիչ չէ, որովհետեւ կարծես հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը միշտ նոյն անձերու շուրջ դառնան՝ հակառակ անոր, որ ունինք բազմաթի՜ւ անուններ, որոնք տրուած են մոռացութեան եւ վստահաբար անոնք աւելի պակաս արժէք չեն ներկայացներ քան մինչեւ օրս յիշուողները: 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

Նորոգ վախճանեալ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ միջազգային հաւաքի մը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գլխաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վատիկան մեկնած պատուիրակութիւնը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ, բացի կեդրոնի իշխանութիւններէն, զինուելու հնարաւորութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն անընդունելի է։ «Ինչպէս ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ ՓՔՔ-ն համակարգէ դուրս պիտի ելլէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա այս օրերուն Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ եզակի ցուցահանդէսով մը։ Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որ շաբաթավերջին համախմբեց հոծ թիւով արուեստասէրներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթով մը։ «Մարալ»ի ընտանիքը ներկայիս կը նշէ համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ողջունեցին Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ապրիլի 24-էն առաջ, ապրիլի 24-էն վերջ՝ նոյնն են իսկութեան մէջ։ Ամէն տարի այս օրերուն հայ եղող ամէն բան կը բռնկի։ 23, 24, առաւելագոյնը՝ 25. միայն Ծիծեռնակաբերդին կրակը կը մնայ 26-ին։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ապրիլին, «Հայփոսթ»ը շրջանառութեան մէջ դրած է նոր դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած Նուպար Նուպարեանի (Նուպար փաշա) ծննդեան 200-ամեակին։ Դրոշմաթուղթը թողարկուած է «Աշխարհահռչակ հայեր» խորագրի ներքոյ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման խտացեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ բարձր մակարդակի քննարկումները թափով կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի պալատին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆը։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Ֆրանսահայ աշակերտներու աւանդական այցելութիւնը՝ դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը կը կարեւորէ նոր սերունդի հայկական ինքնութեան զօրացումը՝ հոգեւոր-մշակութային արժէքներով:

Էջեր