Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման հաւանականութիւնը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ՝ հնարաւոր ժամկէտներու արծարծումով հանդերձ։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ դիւանագիտական երթեւեկը այս շրջանին աշխուժացած է էականօրէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023

Անգարայի աղբիւրները՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին:
Յառաջիկային օրակարագի վրայ կրնայ գալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի վերսկսման նիւթը:

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս թուայնացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը։ Այս մէկը 1948 թուականին հրատարակուած էր, թերթիս հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելենական շրջանին՝ բանասէր Թորոս Ազատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երիտասարդական փայլուն համերգ մը։ Սա «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլն էր, որ բացառիկ իմաստ ստացաւ՝ զուգադիպած ըլլալով տարեմուտին։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

Արդէն ամիսէ մը աւելի պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղէն միշտ կը հասնին հրատապ լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական ծանր տագնապի հասած համեմատութիւնները։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ ուժանիւթի մատակարարման հարցով բարդ իրավիճակ  մը ստեղծուած է։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

Ռամիի պատմական զօրանոցը արդէն ընդարձակ գրադարանի մը վերածուած է՝ ինն տարուան վերանորոգութենէ մը վերջ։ Օսմանեան շրջանի այս հսկայական զօրանոցը այժմ վերածուած է Թուրքիոյ մեծագոյն գրադարանին։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

Քաղաքակրթութիւններու խորհրդանշան դարձած աշխարհի մեծ քաղաքները կը բնորոշուին նաեւ իրենց կոթողային շէնքերով։ Պետական կառոյցներ, համալսարաններ, դատարաններ, սակարաններ, վարժարաններ, եւ այլն… Ճիշդ է, որ անոնք կը պայմանաւորեն մարդոց վստահութիւնը հանրային դրութեան նկատմամբ, նաեւ հասարակութեան ընդհանուր համակարգին հանդէպ վերաբերմունքը կը ձեւաւորեն։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն երէկ հասան ուշագրաւ լուրեր, որոնք կը վերաբերին կալուածոց նոր տեսուչի մը նշանակման։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան ազատուած է Ս. Աթոռի կալուածոց տեսուչի պաշտօնէն։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աշխարհի մէջ կարծէք կեանքը պահ մը կանգ առաւ 2022 թուականի վերջին օրերուն: Ժողովուրդներու ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Քաթարի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյենութիւնը:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոր աշխարհակարգի ուրուականը. «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը պարզ բառակապակցութիւն մըն է:
Արցախի պաշարումը ոչինչով կը տարբերի՝ Հիթլերի Լենինկրատը շրջափակելէն, սակայն աշխարհին համար հետաքրքրական չէ:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 54.1-13:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն 1.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 2.1-11:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ պատանի էի, յաճախ հիացումով կը դիտէի հօրս ճոխ գրադարանը՝ ուր կային նաեւ մեծ հօրս գիրքերը։
Օր մը երբ կը դիտէի գիրքերը, ուշադրութիւնս գրաւեց գորշ, մոխրագոյն կողքով գիրք մը, որուն վերտառութիւնն էր, ինծի բոլորովին անծանօթ բառ մը. «L'ATHEISM»։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին վերացաւ գրաքննութիւնը եւ մարդիկ գրական գետնի վրայ որոշ անկախութիւն մը ունենալ կարծեցին եւ սկսան այդ թուականը յիշել՝ որպէս «Մամուլի ազատութեան տարի», սակայն իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ վերացական համոզումներ էին, իրականութենէ կտրուած:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ անցեալ տարեվերջին թողարկուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-գրապատում» առցանց նոր գիրքը։ 65 տարիներու վրայ տարածուած՝ հեղինակին կողմէ ստորագրուած յօդուածներու ժողովածոն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է գիրքերու վրայ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ո՜վ բոլոր ծարաւցածներ ջուրերուն եկէք». (ԵՍ. ԾԵ 1)։ Աստուածատուր օրհնութիւն մըն է ջուրը, մանաւանդ ծարաւցած մարդու մը համար։ Այն շրջանները ուր ակ կամ աղբիւր չկայ, մարդիկ հոր կը փորեն, ջուր ունենալու համար։ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ շատ անգամներ յիշուած է ջուրը՝ որպէս Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ շնորհը։ Ուստի կը յիշուին «աղբիւր»ներ եւ ջրհորներ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք աշխարհի վատ ու անբարոյ կողմերուն մասին, մոռնալով որ հակառակ բոլոր չարութիւններուն, գոյութիւն ունի բարիութիւն մը եւս եւ այդ երկուքին պայքարով է, որ աշխարհը կը յառաջդիմէ։ Եթէ փորձենք կշիռքի վրայ դնել, չկարծենք, որ չարութիւնը աւելի ծանր կը կշռէ. մենք որպէս մարդ արարածներ միշտ ալ կը բարձրաձայնենք չարութիւնը եւ կը նախընտրենք լուռ մնալ կատարուած բարութեանց վրայ, ինչ որ չարութեան աւելի ծանրակշիռ ըլլալը կարծել կու տայ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ամերիկացիները յայտնի են որպէս խիզախ եւ համարձակ ըլլալով, ֆրանսացիները՝ որպէս վիպապաշտ, իսկ անգլիացիները՝ որպէս սառնասիրտ: Հաւաքականութեան մը մէջ լալը առհասարակ ողջունելի չէ, բացառութիւնները յարգելի, անշուշտ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Երեքշաբթի, յունուարի 10-ին, երկար ընդմիջումէ ետք՝ պայմանաւորուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներով, վարչապետ Փաշինեան տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

Երեւանի մէջ անցեալ տարեվերջին հրատարակուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. հատորը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակեալ Արցախը երէկուան դրութեամբ զրկուեցաւ նաեւ համացանցային կապէ, ինչ որ կը խորացնէ անոր մտահոգիչ մեկուսացումը։ Ատրպէյճան խզած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հաղորդակցութեան լարերը՝ խաթարելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաղորդակցութեան եւ ճշդուած համացանցի հասանելիութիւնը։

Էջեր