Արխիւ
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման տօնի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի համայնքապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար ձեռնարկուած երկարաշունչ աշխատանքին։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։
Շիշլի մարզակումբի 43-րդ շրջանի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան եւ արդիւնքին՝ պաշտօնի կոչուեցաւ նորընտիր վարչութիւնը։ Համագումարը տեղի ունեցաւ ակումբի հաւաքատեղիին մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Համբարձման տօնը բնորոշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 191-րդ տարեդարձով:
Գթութեան յարկի բազմակողմանի ծառայութեան շղթային վրայ նոր օղակ մը աւելցաւ՝ մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ հաստատութիւնը ոսկեդարը կ՚ապրի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակից ընկերներուն պաշտօնավարութեան շրջանին:
Հոգաբարձութեան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը ունկնդրուեցաւ ուշադրութեամբ: Համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ ողջունեցին նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն:
Արարատ Միրզոյեան, Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով վաղը ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնները սկսած են իրականացուիլ եւ սկսած են տալ գործնական արդիւնքներ»:
Սահմանին վրայ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ: Նիկոլ Փաշինեան միշտ կը կրկնէ՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ու Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Բաց երկնքին տակ կան, ըստ էութեան, կենդանին եւ իրեղէնը։ Երկրագունդը կը համատեղէ բնականն ու արհեստականը։ Անոնց պարզած պատկերը ներդաշնակութիւն է երբեմն, իսկ երբեմն ալ հաւասարակշռութիւն կամ հակադրութիւն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախը քաղաքականութիւն չէ, հայրենիք է, տուն է, ընտանիք է, կեանք է, սրբազան հող մըն է: Արցախը մեր կեանքի անբաժան մասնիկն է, մեր ծնողքն է, մեր վաղուան պայծառ օրն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր թանգարաններու միջազգային օրն է: 1977 թուականին Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի մէջ ընդգրկուած երկիրներէն Ռուսաստանը առաջարկեց մայիսի 18-ը դարձնել թանգարաններու համար տօն եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ամէն տարի նշանաւորել զայն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական:
Այնպէս, կրնայ պատահիլ, որ առաւօտ մը արթննաս ու սանկ դուն-քեզ «լաւ» չզգաս: Սովորականէն տարբեր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յինանց շրջանի քառասուներորդ օրն է:
Այսօր, 18 մայիս 2023-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբառնալու տօնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրականին, բարոյական դրութիւնը ունի երկու տեսակ՝ որ համընթաց են. առաջինը՝ այն ի՛նչ որ կը պատուիրենք բայց չկիրարկած բարոյականութիւն, երկրորդը՝ այն ինչ որ կիրարկուած, սակայն ընդհանրապէս չպատուիրուած բարոյականութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեզ եւրոպացիներէն եւ կամ ամերիկացիներէն տարբերողը ո՛չ թէ մեր աշխարհագրութիւնն է, այլ նկարագիրի գիծերը, զգացումներն ու ապրումները, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն, կը զգան, սակայն մենք կ՚ապրինք այնպէս՝ ինչպէս սորված ենք եւ կամ աւելի ճիշդ՝ սորվեցուցած են մեզի ապրիլ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պրիւքսելի հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ:
Նախ, Պրիւքսելի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով:
Շուրջ չորս տասնեակ առաջնորդներու շարքին է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն չորրորդ հաւաքը. ժողովրդավարութեան նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նորին Ամենապատուութիւնը վճռական՝ Սուրբ Աթոռի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
«Չենք հանդուրժեր, որ անձնական հաշիւներու նկրտումներով վնաս հասցուի հայոց վանքին եւ ամէն ինչ կը լուծուի բարւոք ձեւով»:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Մայրերու օրուան ձօնուած հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները թէ՛ իրենց մայրերուն եւ թէ իրենց ուսուցչուհիներուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։