Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ համաշխարհային տագնապ մը եւ իւրաքանչիւր ազգ այդ տագնապին գծով պատասխանատու կը տեսնէ իր պետութիւնը եւ բողոքի ձայն մը կը բարձրացնէ անոր դէմ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պահրէյնի թագաւորութիւնը կը գտնուի Արաբական-Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Անոր տարածութիւնը 760 քառակուսի քիլօմեթր է։ Պահրէյն կազմուած է 50 բնական եւ 33 արհեստական կղզիներէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան Պրիւքսելի հետ ճշդած է տարածաշրջանէ ներս շահերու, նպատակներու եւ արժէքներու ընդհանրութիւն մը, մինչդեռ Մոսկուայի հետ այլեւս անոնցմէ որեւէ մէկը չկայ:
Ռուսաստան կը փորձէ Ատրպէյճանը որպէս թնդանօթ օգտագործել Հայաստանի դէմ, սակայն, Ալիեւ քաջ կը գիտակցի, որ քաղաքական գինը ինք պիտի վճարէ եւ այդ մէկը տակաւ կը բարձրանայ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելով տարածաշրջանի կացութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 27-րդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Անպա Ռաֆայէլի մէկ ամփոփ գրութիւնը պահեցողութեան մասին, որ՝ «Մեծ պահքին կարիքները» խորագիրը կը կրէ:
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, թաղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանին համար: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչաց կազմը:
«ԹԷՏ» Աթաքենթ քոլէճի տանտիրութեամբ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին մասնակցեցան տասնինն միջնակարգէ աշակերտներ։ Մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Բոլորը հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն հետեւեցան, նաեւ լսեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզին։
Թուրքիա-Հայաստան առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի աննախընթաց վերելք արձանագրած է բոլոր ուղղութիւններով:
Յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը շատ դրական կ՚անդրադառնայ երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութեան վրայ:
Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Էսատը, որու հետ անդրադարձաւ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան:
Երկու ղեկավարները օրակարգի վրայ ունեցան նաեւ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Մեծ պահոց Միջինքի յաջորդ օրը կազմակերպուած՝ դէպի Անատոլուի հայկական երեք եկեղեցիները կատարուած աւանդական ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ Իսթանպուլէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Կեսարիա՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Թրքական պետութիւններու անդամ երկիրներու ղեկավարներուն արտահերթ հաւաքը երէկ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Նախագահ Էրտողան. «Թրքական ներդրումի ֆոնը, որ պիտի հաստատուի Իսթանպուլի մէջ, պիտի նպաստէ թրքական աշխարհի տնտեսական ամբողջականացման»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ուաշինկթըն քաղաքը անշուշտ թէ աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին է՝ ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը։ Ո՛չ միայն հայութեան, առ հասարակ համայն մարդկութեան համար շատ նշանակալից դարձած է այն՝ վարչական կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 26-րդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պահեցողութեան մասին մի քանի մտորումներ կը ներկայցնենք, որ արաբերէնէ թարգմանուած են:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբ գողը ներխուժեց զենի վարպետի տունը, ան հասկցաւ, որ ներսը գողնալու բան մը չկայ։ Վարպետը յայտնուեցաւ անոր առջեւը։ «Դուն երկար ճանապարհ անցած ես ինծի այցելելու համար», ըսաւ ան գողին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։
Կը պատմուի, թէ մայր մը իր երկու զաւակներուն հետ աներեւակայելի վիճակի մէջ կ՚ապրէր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր «նոր սերունդ»ը եւ այդ «նոր սերունդ»ին կողքին նո՛յն սերունդին պատկանող «այլ» սերունդ մը եւս, որոնք հակառակ հասակակիցներ ըլլալուն՝ եղած են իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր ու զատորոշ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր հիւրընկալեց Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։