Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ասֆաղմանօ վանքին մէջ տակաւին նորեկ էի, երբ մէկը եկաւ վանական դառնալու: Որոշ ժամանակ մը անցաւ եւ իր մտածումները սկսան զինք տրամադրել վանքէն հեռանալու:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Թատրերգութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, կը շարունակէ դրսեւորել արուեստի եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը, սակայն ի տարբերութիւն միւս դարերուն, մենք ունինք բախտաւորութիւնը ականատես ըլլալու անոնցմէ մեծագոյններուն:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Այս նիւթը պիտի ծեծուի նաեւ յառաջիկայ երկուշաբթի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած կառավարութեան ժողովին ժամանակ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ դէպի Թուրքիա անկանոն գաղթի ալիք մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերի վրայ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարներու բանակցութիւններուն կը վերագրուի արտասովոր նշանակութիւն:
«Երեւան-Մոսկուա ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին աննախընթաց բարձր մակարդակի մը տեղափոխման փուլին»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

Ի՞նչ կ՚անցնի արդեօք նաւուն մէջ առանձինն նստած այս կնոջ մտքէն… Ժորժ Մուսթաքիի երգը՞. «Երբեք առանձինն չեմ իմ առանձնութեան հետ»։ Գուցէ կը յիշէ Լուի Առակոնի խօսքը. «Երջանիկ սէր չկայ»։ Մարդ առանց սիրոյ դժուար թէ ապրի՝ որքան որ ալ յուսախաբութիւններն ալ ըլլան անխուսափելի, նոյնիսկ բնական։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ կը շարունակուին կղզեբնակ ընտանիքներու փոքրիկներուն ուղղեալ ձեռնարկները։ Այսպէս, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Նկարահանող մարդամեքենայ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ կեանքի կոչուեցաւ խնամատար մարմնի անդամներէն Էննա Էօքքէի առաջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021

Շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։ Մեր եկեղեցիներէն ներս հերթական անգամ պիտի օրհնուին խաղողի ողկոյզները, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է հաւատացեալ ժողովուրդին մօտ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

«Նեմրա» ռաք խումբը երկրպագուներու դատին յանձնած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգը։ Այսպէս, «Նեմրա» ռաք խումբը երաժշտասէրներուն ներկայացուցած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգի տեսահոլովակը, որ արդէն համացանցի վրայ է:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Օշականի մէջ կ՚իրականացուի «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Օշականի Մշակոյթի պալատին մէջ սկսած է «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Հարաւային Կովկասէ ներս առաջին աթոմակայանը Հայաստանի մէջ հիմնուած էր 55 տարի առաջ՝ Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումով:
Օտար մասնագէտներ Երեւանի հաւաքոյթին ժամանակ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին միջուկային փորձագիտութիւններու մասին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս օրերուն կ՚այցելէ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան կը քննարկէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտներէ ներս Թուրքիա-Փաքիստան համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Զաս զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առկայ լարուածութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։ Այս անժամանակ մահը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ բոլորին պատճառելով մեծ ցաւ մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայոց արդի պատմութեան բոլոր հիմնական ողբերգութիւնները, ներառեալ ցեղասպանութիւնն ու Առաջին Հանրապետութեան անկումը, ընդհանրապէս, համաշխարհային գործընթացներու ամբողջին մէջ պատահած են, ըստ էութեան, խօսքը կը վերաբերի Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին համընկնած է Կարմիր յեղափոխութիւնը, որ նոր վիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքական գործիչին եւ քաղաքացիին համար, հաւասարապէս, ողջախոհութիւն պէտք է, չիյնալու համար անպայման իրաւունք ունենալու, ճիշդ տեսնելու եւ չսխալելու բացորոշ կամ թաքուն յանձնապաստանութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Բարեւ:
Ես եկայ:
Կը ներես, քիչ մը ուշացումով, սակայն եկայ:
Գիտեմ՝ դուն անհամբերութեամբ կը սպասես քու իւրաքանչիւր զաւկի վերադարձին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Երբ մեծատաղանդ երգիծաբանը մեռաւ, գրպանէն չորցած կտոր մը հաց ու սոխ ելան» եւ այսօր հայ գիր ու գրականութեամբ զբաղուող գրեթէ շատերու գրապանները լեցուն են նոյն սոխ ու հացով եւ այդ թշուառութեան ու հէգ իրավիճակի մեղապարտները մենք բոլորս ենք, որովհետեւ թէեւ լեզուով կ՚ընդունինք, թէ հայ մշակոյթով, հայ գրականութեամբ զբաղուիլը սրբազան առաքելութիւն է, սակայն իրական գետնի վրայ կ՚ուրանանք անոր վեհութիւնն ու բարձրութիւնը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021

Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերը պաշտօնապէս ամուսնալուծուած են։ Այսպէս, «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց եւ իր կինը՝ Մելինտա Ֆրենչ Կէյց, պաշտօնապէս աւարտած են ամուսնալուծութեան գործընթացը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Սարգսեան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։

Էջեր